Որոնել

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը  (ANSA)

ԵԽԽՎ-ի Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ ազատ արձակելու Արցախի բոլոր կալանաւորուած ներկայացուցիչներն ու Հայ պատերազմական գերիները

Վեհաժողովը կը նշէ, որ գոյութիւն ունին ցեղային զտումներու իրականացման հիմնաւոր կասկածներ:

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) 12 հոկտեմբերին որդեգրեց «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական կացութիւն» բանաձեւը եւ համանուն խորհրդատուութիւնը:

Բանաձեւը կը դատապարտէ 19 սեպտեմբեր 2023-ին Արցախի դէմ Ազրպէյճանի զինուորական գործողութիւնները:

Վեհաժողովը կը նշէ, որ Արցախի գրեթէ ամբողջ բնակչութիւնը լքած է իր հայրենիքը ֆիզիքական ոչնչացման վտանգի եւ Ազրպէյճանի կառավարութեան երկարամեայ հայատեաց քաղաքականութեան պատճառով:

Վեհաժողովը կը նշէ, որ գոյութիւն ունին ցեղային զտումներու իրականացման հիմնաւոր կասկածներ:

Վեհաժողովը կը նշէ, որ ցեղային զտումներու իրականացումը` իբրեւ զինուորական կամ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն, կրնայ յանգեցնել անհատական քրէական պատասխանատուութեան:

Վեհաժողովը Նախարարներու յանձնախումբին կոչ կ՛ուղղէ ձեռնարկելու Ազրպէյճանի նկատմամբ դիտարկման հոլովոյթի` հիմք ընդունելով Եւրոպական խորհուրդի անդամ երկիրներու կողմէ ստանձնուած յանձնարարութիւններու կատարման վերաբերեալ 1994 թուականի հռչակագիրը:

Կոչ կ՛ուղղէ` նախարարներու յանձնախումբին եւ Խորհրդարանական վեհաժողովին միջեւ լրացուցիչ միացեալ ընթացակարգ սկսելու` ի պատասխան Ազրպէյճանի կողմէ կանոնադրական պարտաւորութիւններու լուրջ խախտման:

Կը յայտնէ, որ Ազրպէյճանի` իր պարտաւորութիւնները չկատարելու պարագային վեհաժողովը այլ ընտրութիւն պիտի չունենայ, քան 2024 թուականին ԵԽԽՎ առաջին նստաշրջանի ընթացքին վիճարկել Ազրպէյճանի պատուիրակութեան լիազօրութիւնը (մասնակցութիւնը, «Ա.»):

Վեհաժողովը կ՛անդրադառնայ վերջին երկու շաբթուան ընթացքին աւելի քան 100.600 հայերու կողմէ Լեռնային Ղարաբաղը լքելու փաստին, կ՛արձանագրէ ատոր պատճառները` 19 սեպտեմբեր 2023-ին Ազրպէյճանի սկսած զինուորական գործողութիւնները եւ ատոր նախորդած Բերձորի միջանցքի փակման հետեւանքով ստեղծուած ճգնաժամը:

Վեհաժողովը խորապէս համոզուած է, որ Արցախի բնակչութեան ողբերգական արտագաղթը պէտք չէ ընդունիլ իբրեւ նոր իրականութիւն:

Իբրեւ Եւրոպական խորհուրդի անդամ երկիր` Ազրպէյճանը պէտք է պահպանէ հաւատարմութիւնը կազմակերպութեան հիմնական արժէքներուն եւ դրսեւորէ պատրաստակամութիւն` միջազգայնօրէն ստանձնած պարտաւորութիւնները կատարելու համար:

Վեհաժողովը յղում կը կատարէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի 22 փետրուար 2023-ին որդեգրած որոշումին` Ազրպէյճանի նկատմամբ միջանկեալ քայլերու կիրարկման վերաբերեալ եւ Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` անյապաղ զանոնք կատարելու:

Վեհաժողովը հասցէական կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանին ձեռնարկելու անյապաղ քայլերու` Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան վերադարձը ապահովելու եւ անոնց իրաւունքները պաշտպանելու համար:

Վեհաժողովը Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ ապահովելու շրջանի հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը:

Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղուի ազատ արձակելու Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր կալանաւորուած ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի մէջ պահուող բոլոր հայ պատերազմական գերիները:

Բանաձեւը կ՛անդրադառնայ իրենց հայրենիքէն Լեռնային Ղարաբաղի հայերու բռնի տեղահանման պատճառով յառաջացած ծանր մարդասիրական կացութեան եւ կ՛ընդգծէ Հայաստանին աջակցելու անհրաժեշտութիւնը, ներառեալ Եւրոպական խորհուրդի գործողութիւններու միջոցով:

Վեհաժողովը խորապէս համոզուած է, որ երկարամեայ եւ ողբերգական տագնապը կրնայ լուծուիլ միայն խաղաղ ճամբով, երկխօսութեան եւ բարի կամքի միանշանակ ազդանշաններու միջոցով, կիրարկելի միջազգային իրաւունքի հիման վրայ` լիակատար յարգանք ցուցաբերելով այնտեղ ապրող իւրաքանչիւր մարդու իրաւունքներուն նկատմամբ:

Վեհաժողովը Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ ամէն ինչ ընելու` ցոյց տալու համար դրացի Հայաստանի հետ խաղաղ ապրելու պատրաստակամութիւնը:

Վեհաժողովը կ՛ակնկալէ, որ թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ Ազրպէյճանը պիտի յարգեն իրարու տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը` հիմք ընդունելով 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրը:

Վեհաժողովը կոչ կ՛ուղղէ բանալու շրջանային կապուղիները` երկիրներու գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան հիման վրայ եւ ազգային իրաւասութեան ծիրին մէջ: Այս ծիրին մէջ վեհաժողովը կ՛ընդգծէ, որ Նախիջեւանի հետ հաւանական կապը չի կրնար գործարկուիլ Հայաստանի կամքին հակառակ եւ ի վնաս Հայաստանի ազգային շահին:

Վեհաժողովը կ՛ակնկալէ Ազրպէյճանի իշխանութիւններու համաձայնութիւնը` կազմակերպելու միջազգային կառոյցներու բարձր մակարդակի փաստահաւաք այցելութիւններ:

Վեհաժողովը կը գտնէ, որ ի լրումն Եւրոպայի խորհուրդի համապատասխան հաստատութիւններու եւ մարմիններու շրջան մուտք գործելու հրատապ անհրաժեշտութեան, Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է կանոնաւոր կերպով Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին եւ Նախարարներու յանձնախումբին տրամադրէ լիարժէք եւ մանրամասն տեղեկատուութիւն ձեռնարկուած կամ նախաձեռնուելիք քայլերու վերաբերեալ, որոնք նախատեսուած են պաշտպանելու եւ ընդլայնելու Հռչակագիրով նախատեսուած շրջանի հայերու իրաւունքները եւ ազատութիւնները` ներառեալ անվտանգութիւնը անոնց, որոնք վերադառնալու ցանկութիւն կը դրսեւորեն:

Խորհրդարանական վեհաժողովը կը հրաւիրէ նախարարներու յանձնախումբը հրատապ քայլերու ձեռնարկելու` հասցէագրելու Լեռնային Ղարաբաղի գրեթէ ամբողջ հայ բնակչութեան արտագաղթը, անոնց վրայ ազդող մարդասիրական ու մարդու իրաւունքներու ճգնաժամը:

Խորապէս մտահոգուած կացութեամբ, որ ցեղային զտումներու բազմաթիւ կասկածներ կը յառաջացնէ:

Ափսոսանք կը յայտնէ, որ Ազրպէյճանը չէ յարգած տագնապը խաղաղ ճամբով լուծելու յանձնառութիւնը, որ ստանձնած է Եւրոպական խորհուրդի անդամակցելով:

Վեհաժողովը կը պահանջէ, որ ընդհանուր քարտուղարը եւ նախարարներու յանձնախումբը կարելի եղածին չափ արագ կազմակերպեն Եւրոպական խորհուրդի փաստահաւաք առաքելութեան այցելութիւնը, որ նպատակ պիտի ունենայ տեղւոյն վրայ գնահատելու եւ նախանշելու ձեռնարկուելիք քայլերը` տեղւոյն հայերու իրաւունքները պաշտպանելու համար, ներառեալ անոնց, որոնք ապաստան գտած են երկրէն դուրս, եւ ապահովելու անոնց անվտանգ վերադարձը, որոնք վերադառնալու ցանկութիւն կ՛ունենան:

Կ՛ողջունէ Գաղթի եւ գաղթականներու հարցերով ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչի փաստահաւաք առաքելութիւնը Հայաստան` ստեղծուած կացութեան մէջ կազմակերպութեան կողմէ տրամադրուելիք աջակցութիւնը գնահատելու համար:

Վեհաժողովը կը նշէ, որ աչալրջօրէն պիտի հետեւի Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ ձեռնարկուող քայլերուն եւ վերջինիս կողմէ ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններու կատարման:

Ազրպէյճանի Արձագանգը

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած է ԵԽԽՎ-ի որդեգրած «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական կացութիւնը» բանաձեւը:

«Մենք վճռականօրէն կը մերժենք եւ խստօրէն կը դատապարտենք Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) 2023 թուականի հոկտեմբեր 12-ի թիւ 2517 (2023) բանաձեւը եւ թիւ 2260 (2023) խորհրդատուութիւնը: Այս կառոյցը անգամ մը եւս ցուցադրած է Ազրպէյճանի նկատմամբ անաչառ մօտեցում ցուցաբերելու անկարողութիւնը», յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` աւելցնելով, որ ԵԽԽՎ-ն կը շարունակէ «անհիմն խօսակցութիւններու եւ շրջանի որոշ երկիրներու նենգ քաղաքականութեան» վրայ հիմնուած մօտեցում ցուցաբերել` Ազրպէյճանը նսեմացնելու համար:

Ըստ Պաքուի, փաստաթուղթը «ակնյայտօրէն կը հակասէ Եւրոպական խորհուրդի հիմնական որոշումներուն եւ փաստաթուղթերուն: Աւելի՛ն, ինչպէս կը պնդէ Պաքու, «հակաահաբեկչական գործողութեան յանգեցուցած իրադարձութիւններու խեղաթիւրուած մեկնաբանութիւնն ու Ազրպէյճանի կողմէ մարդասիրական օրէնքի յարգումն ու տեղւոյն հայ բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համար ձեռնարկուած քայլերու անտեսումը կը վկայեն Ազրպէյճանի նկատմամբ ԵԽԽՎ-ի երկարաժամկէտ կանխակալ վերաբերմունքի մասին»:

«ԵԽԽՎ-ի անհիմն պնդումները Լաչինի ճամբով վերջին տասը ամիսներու ընթացքին տեղաշարժելու վերաբերեալ եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի համապատասխան որոշումներու սխալ մեկնաբանութիւնը` նոյն ատեն անտեսելով անոր 2023 թուականի յուլիս 6-ի որոշումը, որ միաձայնութեամբ մերժած էր Լաչինի շրջափակման վերաբերեալ Հայաստանի հայցերը, անընդունելի են: Աւելի՛ն, շուրջ 4000 անհետ կորած ազրպէյճանցիներու ճակատագիրի վրայ լոյս չսփռելը, ականներու սպառնալիքը, որ 44-օրեայ պատերազմէն ետք զոհերու թիւը հասցուց 333-ի, եւ նախապէս բռնագրաւուած ազրպէյճանական տարածքներուն մէջ արձանագրուած աւերներու չափը խորապէս մտահոգիչ են», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Պաքու պնդումով` «ԵԽԽՎ-ն պաշտպանելով հայերու իրաւունքները գոյութիւն չունեցող սպառնալիքներէն, կ՛անտեսէ Հայաստանէն վտարուած ազրպէյճանցիներու իրաւունքներու վերականգնման եւ արժանապատիւ վերադարձի կոչերը»:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ ԵԽԽՎ-ն պէտք է «դադրեցնէ Ազրպէյճանի դէմ ուղղուած անհիմն եւ կանխակալ քայլերը», որոնք «կը խաթարեն Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան ջանքերու հեռանկարները»:

«Միեւնոյն ժամանակ, Եւրոպական խորհուրդի մեքանիզմները Ազրպէյճանի դէմ օգտագործելու անհեռատես փորձերը ամբողջովին հակաարդիւնաւէտ են եւ չեն կրնար խաթարել Ազրպէյճանի վճռականութիւնը` շարունակելու գործել շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան ապահովման եւ Ազրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանի հայ բնակչութեան վերահամարկման ծրագիրներու յառաջմղման ուղղութեամբ», նշուած է արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/10/2023, 09:31