Որոնել

Հայ տեղահանուածներ Հայ տեղահանուածներ  (AFP or licensors)

Ուաշինկթըն մերժեց Արցախահայութեան բռնագաղթը ցեղային զտում կոչել

Նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր նշեց, որ Միացեալ Նահանգները լրջօրէն կը վերաբերի ցեղային զտումներու, ցեղասպանութեան եւ այլ վայրագութիւններուն մասին մեղադրանքներուն նկատմամբ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը մերժեց Արցախէն հայերու բռնագաղթը ցեղային զտումներ կոչել, եզրակացնելով, թէ․․․«որովհետեւ տակաւին ապացոյցներ չկան»: Այս մասին կը հաղորդէ «Հայրենիք»-ը։

Նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր նշեց, որ Միացեալ Նահանգները լրջօրէն կը վերաբերի ցեղային զտումներու, ցեղասպանութեան եւ այլ վայրագութիւններուն մասին մեղադրանքներուն նկատմամբ:

Այս ամպիոնէն վերջնականապէս չեմ կրնար խօսիլ այդ մասին։ Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան մեկնած են հարիւր հազար, կամ ես պիտի ըսէի շուրջ հարիւր հազար բնիկ հայեր։ Հիմա մենք չենք գիտեր, չեմ կարծեր, որ մեզմէ ոեւէ մէկը կրնայ ըսել, որ անոնց քանի՞ տոկոսը կը ծրագրէ մնալ Հայաստան, քանի՞ տոկոսը կը փափաքի վերադառնալ, եթէ պայմանները թոյլ տան։ Տեղահանուածներուն նկատմամբ պէտք է  ցուցաբերուի համապատասխան վերաբերմունք: Հետեւաբար, մենք կը կրկնենք անկախ միջազգային դիտորդական առաքելութիւն ստեղծելու մեր կոչը, որ պիտի ապահովէ թափանցիկութիւն եւ պիտի հաւաստիացնէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին, որ բնիկ հայերուն իրաւունքները եւ ապահովութիւնը պիտի պաշտպանուին, յատկապէս անոնց, որոնք կ՛ուզեն վերադառնալ: Ատրպէյճան այդպիսի հաւաստիացումներ տուած է։ Մենք կը կարծենք, թէ պէտք է ըլլայ միջազգային դիտորդական առաքելութիւն մը, որ պիտի դիտարկէ եւ երաշխաւորէ զանոնք։ Մենք մնայուն կապ կը պահենք իրավիճակին մասին տեղեկանալու համար։ Մենք չենք խուսափիր համապատասխան քայլերու ձեռնարկելէ` արձագանգելու վայրագութիւններու մեղադրանքներուն եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու վայրագութիւններուն համար պատասխանատուները, երբ ապացոյցներ ունենանք, որ անոնք տեղի ունեցած են: Բայց, ինչպէս միշտ, ցեղասպանութիւն կամ ցեղային զտումներ իրականացնելու որոշումը հիմնուած է կանխամտածուած ապացոյցներու վրայ հիմնուած գործընթացի մը վրայ», ըսաւ Միլըր աւելցնլով, թէ բացի Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակէն, կան նաեւ այլ հարցեր, որոնք վիճելի են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, եւ մենք կոչ կ՛ուղղենք անոնց՝ վերադառնալու խաղաղ բանակցութիւններու` քննարկելու եւ ի վերջոյ լուծում տալու այդ հարցերուն:

Ան նաեւ ողջունեց Մ․Ա,Կ․-ի առաքելութիւնը Արցախի մէջ։

Աղբիւրը՝ Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/10/2023, 09:01