Որոնել

հայաստան գաղթող հայեր հայաստան գաղթող հայեր 

ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը ցնցուած է Արցախը լքելու բնակչութեան «Յանկարծակի որոշումէն»

«Առաքելութիւնը ցնցուած է, թէ ինչպէ՛ս տեղւոյն բնակիչները յանկարծակի լքած են իրենց տուները, ինչպէս նաեւ տառապանքներէն, որոնք կրնային ատոր պատճառը ըլլալ», կը յայտարարէ ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը:

Ազրպէյճանի մէջ ՄԱԿ-ի մնայուն համակարգողի ղեկավարութեամբ ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը ամփոփած է միօրեայ այցելութիւնը Արցախ: Դէտերը 2 հոկտեմբերին հրապարակուած յայտարարութեամբ կը յայտնեն, որ իրենց ստացած տուեալներով` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մնացած է 50-էն 1000 հայ:

«Առաքելութիւնը ցնցուած է, թէ ինչպէ՛ս տեղւոյն բնակիչները յանկարծակի լքած են իրենց տուները, ինչպէս նաեւ տառապանքներէն, որոնք կրնային ատոր պատճառը ըլլալ», կը յայտարարէ ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը:

ՄԱԿ-ի պաշտօնատարները միեւնոյն ժամանակ կը յայտարարեն, թէ ո՛չ տեղւոյն բնակչութեան շրջանակին մէջ հարցուածներէն, ո՛չ իրենց զրուցակիցներէն որեւէ հաղորդում ստացած են քաղաքային բնակչութեան նկատմամբ վերջին զինադադարէն ետք բռնութեան դէպքերու վերաբերեալ: Յայտարարութեան հեղինակները նաեւ կը նշեն, որ այն վայրերուն մէջ, որոնք այցելած են, քաղաքային, գիւղատնտեսական ենթակառոյցներու վնասներ, աւերներ, ինչպէս նաեւ որեւէ սատկած անասուն կամ ընտանի կենդանի չեն յայտնաբերած:

«Այս փուլին դժուար է հասկնալ` արդեօք տեղւոյն բնակչութիւնը մտադի՞ր է վերադառնալ: Յստակ է, որ վստահութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւն կայ, իսկ ատիկա ժամանակ եւ ջանք կը պահանջէ բոլոր կողմերէն», կ՛ընդգծէ միջազգային կառոյցի խումբը` հաւաստիացնելով, թէ ՄԱԿ-ը «պատրաստ է աջակցելու (Արցախի մէջ) մնացած բնակչութեան ու անոնց, որոնք կ՛ուզեն վերադառնալ»:

ՄԱԿ-ի պաշտօնատարները, ըստ յայտարարութեան, միօրեայ այցելութեան ընթացքին եղած են Ակնայի եւ Ստեփանակերտի մէջ, ինչպէս նաեւ Բերձորի միջանցքին մէջ: Հաղորդագրութեան համաձայն, գիւղական բնակավայրեր դէտերու հասանելիութիւնը «սահմանափակ» էր:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/10/2023, 08:24