Որոնել

Համազգային եւ զօրակցական աղօթք Անթիլասի մէջ Համազգային եւ զօրակցական աղօթք Անթիլասի մէջ 

Համազգային եւ զօրակցական աղօթքի օր` Հայ Առաքելական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ

Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ հայրենիքի եւ սփիւռքի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ համազգային եւ զօրակցական աղօթք` առ ի զօրակցութիւն Արցախահայութեան:

Երէկ Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ հայրենիքի եւ սփիւռքի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ համազգային եւ զօրակցական աղօթք` առ ի զօրակցութիւն Արցախահայութեան:

Ս. Էջմիածինի Մէջ

Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի տնօրինութեամբ երէկ` 1 հոկտեմբերին, Արցախի համար համազգային աղօթքի օր էր: Դուրս բերուած են տարբեր սրբութիւններ եւ սրբազան մասունքներ, ներառեալ աստուածամուխ Ս. Գեղարդը, որ հաւատացեալներու երկրպագութեան համար բաց խորանին մէջ մնաց մինչեւ երեկոյեան ժամերգութիւնը:

Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ, Ամենայն հայոց հայրապետի հանդիսապետութեամբ, սրբազան պատարագ մատուցուեցաւ «Ս. Տրդատ» բաց խորանին մէջ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի պատգամը.

«Սիրելի՛ բարեպաշտ ժողովուրդ,

Անսահման ցաւով եւ խոր մտահոգութեամբ են համակուած բոլորիս հոգիները: Ծանր ու տագնապալի օրեր է ապրում ազգս հայոց: Այսօր, համախմբուած Մայր աթոռ Ս. Էջմիածնում եւ հայոց եկեղեցիներում ի սփիւռս աշխարհի, աղօթք ենք բարձրացնում ի զօրակցութիւն Արցախի մեր քոյրերի ու եղբայրների, ովքեր, ենթարկուելով սոսկալի տառապանքների ու անմարդկային զրկանքների, բռնել են գաղթի ճանապարհը: Հայաթափւում է Արցախ աշխարհը, վերստին որբանում սրբազան հողը հայոց:

Ազգային այս ողբերգութեան յանդիման ցաւով ենք անդրադառնում, որ Ազրպէյճանի զաւթողական, ցեղասպանական գործողութիւններին աշխարհի անհամարժէք արձագանգը, Արցախի նկատմամբ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնների որդեգրած քաղաքականութիւնը եւ մեր ժողովրդի երկպառակութիւնը յանգեցրեցին Արցախի կորստեանը:

Այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնն է նոյն սպառնալիքի առջեւ. անթաքոյց խօսւում է ինքնիշխանութեան եւ պետականութեան կորստի վտանգների մասին: Անվտանգային մարտահրաւէրները, տարածքային կորուստները, ակնյայտ հարկադրանքի ներքոյ խաղաղութեան հաստատման գործընթացում դրսեւորուող շտապողականութիւնը, ինչպէս եւ` հասարակութեան հետ իշխանութեան շփման կերպերը անվստահութեան մթնոլորտ են ձեւաւորել եւ արդար ընդվզում առաջ բերել, ինչը ստեղծուած բարդ կացութեան մէջ կարող է ցաւալի զարգացումների առաջնորդել:

Մեր յորդորն է պետական այրերին` նոր բաժանարար գծերով, անկշռադատ խօսքերով ու արտայայտութիւններով ատելութիւն չսերմանել, չմասնատել եւ չտկարացնել ժողովրդին: Առկայ հիմնախնդիրներին արժանապատիւ հանգուցալուծում ապահովելու, հայրենիքը վտանգաշատ այս կացութիւնից դուրս բերելու համար հարկ է գործել սթափ, ճիշդ գնահատել աշխարհաքաղաքական իրողութիւնները օրեցօր խորացող ճգնաժամի մէջ ի գործ դնել մեր ազգի փորձագիտական ողջ ներուժն ու փորձառութիւնը` չառաջնորդելու համար մեր երկիրը նոր կորուստների, յատկապէս նկատի առնելով թշնամու յաւակնութիւններն ու ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը: Արցախեան արիւնալի պատկերը վկայութիւնն է այն իրողութեան, որ անզուսպ են թշնամու զաւթողական ձգտումները, եւ խտրութիւն չի դրւում միջոցների ընտրութեան հարցում:

Մեր յորդորն ենք ուղղում նաեւ ազգային, կրօնական, հասարակական, քաղաքական կառոյցներին միաւորելու մեր ժողովրդին ներկայ ծանր մարտահրաւէրների յանդիման եւ համախմբուած գործելու` յանուն մեր երկրի ապագայի երաշխաւորման:

Սիրելի՛ ժողովուրդ, գոյաբանական սպառնալիքների առջեւ հրամայական է մեր համազգային միաբանութիւնն ու համախմբուածութիւնը, քանզի միասնականութեան մէջ է մեր զօրութիւնը, միասնականութեան մէջ է գալիք աղէտը կանխելու ուղին: Արդ, ապրենք ու գործենք սիրով, մեր կորուստների ցաւը ձեռքբերումներ դարձնելու բարձր գիտակցութեամբ, մեր կամքն ու ոգին վերածենք ազգային կեանքի իրական արթնութեան եւ հայրենիքի ու ժողովրդի իրաւունքների պաշտպանութեան միաբան ուժի, մեր կեանքով վկայենք ճշմարիտ նուիրումը հայրենիքին, ազգին եւ դարերով փայփայուած մեր անկախ պետականութեանը:

Սիրելինե՛ր, առկայ դժուարին պայմաններում մենք` որպէս ժողովուրդ, դարձել ենք, առաքեալի խօսքի համաձայն, «ամէն կողմից ճնշուած, բայց ոչ ընկճուած, կարօտեալ, բայց ոչ յուսահատ, հալածուած, բայց ոչ լքուած, չարչարուած, բայց ոչ մեռած» (Բ Կորնթ. 4.8): Արդարեւ, մեր հաւատը, յոյսը, հայրենասիրութիւնն ու ազգանուիրումը երբեք հնարաւոր չէ սպաննել: Այդ իսկ պատճառով յանուն Արցախի համազգային աղօթքը մեզ համար անյուսութեան աղօթք չէ, վշտի աղօթք չէ, տրտմութեան աղօթք չէ, այլ յոյսի ու մխիթարութեան, վերյառնումի ու յարութեան աղօթք է: Համազգային այս աղօթքը թող գօտեպնդի մեզ, համախմբի մեզ որպէս Աստծոյ սեփական ժողովուրդ, ազգի ու հայրենեաց հզօրացման մէկ եւ նոյն տեսիլքով: Այս պահը մեզ համար նաեւ առիթ է անդրադարձ կատարելու մեր կեանքի ընթացքին` հեռացնելու համար մեզանից հայրենադաւ երեւոյթները, սրբագրելու սխալներն ու թերացումները, որպէսզի զօրանանք որպէս ազգ, պետութիւն ու եկեղեցի: Մեր հայրենեաց անգին նշխարը` Արցախ աշխարհը, մերն է ու մեր սրտում է, եւ Արցախի հայապատկան լինելու գիտակցութիւնը երբեք չի տկարանայ սերունդների մէջ:

Սիրելի՛ բարեպաշտ զաւակներ մեր, միասնաբար աղօթենք Արցախի մեր ժողովրդի համար եւ ամէն կարելիութեամբ նեցուկ եւ սատար լինենք տարագիր մեր քոյրերին ու եղբայրներին` մխիթարելով իրենց ցաւի ու նեղութիւնների մէջ եւ իրենց կեցութեան ու կարիքների համար անհրաժեշտ հոգածութիւն ցուցաբերենք:

Արցախցի սիրելի՛ զաւակներ, ձեզ յատուկ քաջարի ոգով ամուր ու տոկուն եղէ՛ք, հաստատուն մնացէ՛ք ձեր հաւատի ու յոյսի մէջ, շարունակէ՛ք ապրել ու արարել` չընկրկելով դժուարութիւնների առջեւ, եւ մշտարթուն պահէ՛ք ձեր սէրը Արցախի եւ հայրենական աւանդների նկատմամբ: Համայն մեր ժողովուրդը եւ եկեղեցին ձեզ հետ են եւ այս տառապալի օրերին պատրաստակամ յանձնառութիւններով զօրակից ձեզ:

Համազգային աղօթքի այս օրը, ի զօրակցութիւն Արցախի մեր զաւակների, Հայաստանի մի շարք եկեղեցիներում զետեղուած են սրբազան մասունքներ հաւատացեալների երկրպագութեան եւ ջերմեռանդ աղօթքի համար: Մայր աթոռ Ս. Էջմիածին եկող ուխտաւորներիդ համար դուրս է բերուել քրիստոսամուխ Ս. Գեղարդը` որպէս նշան մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի սոսկալի չարչարանքների եւ յաղթական Յարութեան: Ս. Գեղարդի զօրութեամբ մեր ժողովուրդը վերապրել է արհաւիրքներ, կոտորածներ ու ցեղասպանութիւն, ամուր պահել հաւատքը անյուսութեան մէջ, անհաւատութեան մէջ վերածնել յոյսը եւ բարու հանդէպ սէրը դարձրել չարի դէմ պայքար:

Այս վստահութեամբ մեր աղօթքը վերառաքենք առ Աստուած` ասելով. «Տէր Աստուած, պարգեւի՛ր մեզ Քո օրհնութիւնը եւ փրկի՛ր վտանգներից ու փորձութիւններից: Տո՛ւր զօրութիւնը չարի յարձակումներին դիմակայելու, հարուածներից վեր յառնելու: Մշտավառ պահի՛ր մեր կեանքում յարութեան երկնահեղ լոյսը եւ պահպանի՛ր մեզ Քո Սուրբ Աջի հովանու ներքոյ: Քո խնամքի եւ օրհնութեան մէջ պահի՛ր Քեզ միշտ հաւատարիմ, բռնագաղթի տառապանաց եւ նեղութիւնների ճանապարհով անցնող արցախցի մեր քոյրերին ու եղբայրներին: Հանգստութիւն շնորհի՛ր հայրենեաց պաշտպանութեան համար զոհուածների հոգիներին, ապաքինում` վիրաւորներին ու նեղեալներին եւ ազատութիւն` գերեվարուած մեր զաւակներին: Բարերար եւ Ամենազօր Աստուած, աւելացրո՛ւ մեզանում հաւատքը, յոյսն ու սէրը, որպէսզի ապրենք Քո կամքի համաձայն եւ մշտահունչ աղօթքով հայցենք խաղաղութիւն համայն աշխարհին ու մեր հայրենիքին, բարօրութիւն ու ապահովութիւն աշխարհասփիւռ մեր ժողովրդին` անդադար փառաբանելով Ամենասուրբ Երրորդութեանդ»:

Թող Փրկիչ մեր Տիրոջ շնորհը, սէրն ու խաղաղութիւնը լինեն մեզ հետ եւ ամէնքի այսօր եւ միշտ եւ յաւիտեանս. Ամէն»:

Անթիլիասի Մէջ

Արցախ աշխարհին դիմագրաւած վերջին աղէտը ծանր հետեւանքներ ունեցաւ մեր ժողովուրդին համար` ստեղծելով անորոշութեան մթնոլորտ: 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին դէմ կրկնուեցաւ 21-րդ դարուն: Դարձեալ նահատակներ, քանդումներ եւ աքսոր… Դարեր շարունակ հայու արիւնով, արցունքով ու ստեղծագործ ոգիով շաղախուած Արցախը կը գտնուի թշնամիին արիւնոտ ձեռքերուն մէջ: Մեր ժողովուրդը չէ յուսահատած, որովհետեւ, ինչպէս Պօղոս առաքեալը կ՛ըսէ` «յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր» (Հռ. 5.5): Հայ ժողովուրդը, Աստուծոյ օրհնութեամբ, կառչած է իր ամուր հաւատքին ու վճռականութեան: Քրիստոս խաչո՛վ կերտեց յարութիւնը: Վարագայ Ս. Խաչի տօնին, մեր ժողովուրդը կոչուած է իր հաւատքն ու յոյսը ամուր պահելու` նայելով Խաչեալին ու խաչէն ճառագայթող հզօր պատգամին:

Արդարեւ, կիրակի, 1 հոկտեմբեր 2023-ին, Վարագայ Ս. Խաչի տօնին եւ Արցախի ու արցախահայութեան զօրակցութեան օրուան առիթով, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Ս. պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան:

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ նախ եւ առաջ նշեց Վարագայ Ս. Խաչի տօնին կարեւորութիւնը` յայտնելով, որ Ս. Խաչի չորս տօներէն վերջինը` Վարագայ Ս. Խաչը, յատուկ է հայ եկեղեցւոյ: Ան անդրադարձաւ պատմութեան մէջ հայ ժողովուրդին «խաչելութիւններուն» եւ ընդգծեց պատմութեան ընթացքին տառապանքներուն դիմաց մեր ժողովուրդին ցուցաբերած հաւատքին զօրութիւնը:

Սրբազանը ըսաւ, որ Ս. Խաչի տօները առիթ են մեր կեանքին մէջ վերահաստատելու Խաչին շարժիչ ուժը եւ Խաչեալին փրկագործական զօրութիւնը: Մանրամասնելով Վարագայ Ս. Խաչի տօնը` ան ըսաւ, որ 7-րդ դարուն Ներսէս Գ. Շինող կաթողիկոսին օրով հաստատուած է այս տօնը, երբ Վարագ լերան վրայ Թոդիկ ու Յովել ուխտաւոր եկեղեցականներու անդուլ աղօթքներով ու ճգնութեամբ, երկնային հրաշքով մը կը յայտնաբերուի Ս. Հռիփսիմէ կոյսին պատկանող Ս. Խաչին մասունքը:

Անդրադառնալով ներկայ կացութեան` քարոզիչ սրբազանը նշեց, որ 4-րդ դարէն ի վեր հայ ժողովուրդին ինքնութեան անքակտելի արժէքներ դարձած ազգութիւնն ու քրիստոնէութիւնը կ՛արտացոլան պատմութեան մէջ: Կը տեսնենք, որ հայութիւնը, Քրիստոսի նման խաչի Ճամբէն քալելով, տակաւին կը բարձրացնէ «Խաչ քո եղիցի մեզ ապաւէն, Տէ՛ր Յիսուս» աղօթքը, յատկապէս այս օրերուս, որովհետեւ այսօր նո՛յն եաթաղանը կը բարձրանայ մեր ազգի հերոսական Արցախի ու արցախահայութեան վիզին` ընդմիշտ սպառնալով ոչնչացնել Հայաստանն ու հայութիւնը: Քարոզի ընթացքին Թորգոմ սրբազանը իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած. «Աստուա՜ծ Անմեկնելի, բազում են ճամբաներդ, անիմանալի` փրկագործական հրաշքներդ, մինչ Քու ամենաբուժիչ ու յաղթական ներգործութեանդ ամէն ժամանակէ աւելի այսօ՛ր է, որ պէտք ունինք մենք` հայ ազգն ու հայրենիքը, տարագիր ու սգաւոր արցախահայութիւնը, վիրաւոր ու սովատանջ հայ մանուկները, նահատակուած առիւծ զաւակներու հերոսածին մայրերը, քոյրերն ու եղբայրները, դաւադրաբար բռնագրաւուած արծուեբոյն մեր Արցախը, եւ տակաւին` ամենահսկիչ Քու նայուածքիդ իսկ առջեւ` անորոշութեան ու նոր պատերազմներու վտանգին մէջ տուայտող Հայաստան աշխարհն ու անլուր տառապանքներու աքցանին մէջ բռնուած սփիւռքահայութիւնը, որոնք միահամուռ պաղատանքով մը, Տէ՜ր Ամենազօր, Սուրբ Խաչի՛դ իսկ զօրութիւնը կ՛աղերսեն աշխարհի բոլոր անկիւններէն անխտիր»:

Ապա, սրբազան հայրը քաջալերեց հաւատացեալները չյուսահատելու, չընկրկելու ու սատանային կամքին չյանձնուելու` այնքան ատեն որ Ս. Խաչը ունինք իբրեւ ապաւէն ու պաշտպան: Փաստօրէն, Եղեռնի օրերուն, Խաչը եղաւ Գողգոթայի ճամբաներէն յարութիւն տուողը մեր նախահայրերուն եւ մեզի պարգեւեց կեանք ու աստուածային օրհնութիւններ: «Ինչպէս Ցեղասպանութեան, նաե՛ւ ներկայի ծանր օրերուն մէջ, շնորհիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելաշունչ Ս. Աթոռին ժողովրդանուէր ծառայութեան, Աստուծոյ օգնութեամբ կարելի եղաւ մարդասիրական, կառուցողական, ընկերային, ազգային ու բարեսիրական տեսակ-տեսակ բնոյթի օժանդակութիւն իրականացնել ե՛ւ Հայաստան-Արցախին, ե՛ւ հայկական վիրաւոր գաղութներու կեանքին մէջ», ընդգծեց սրբազանը եւ աւելցուց, որ մեր Ս. Աթոռը մինչեւ օրս կը շարունակէ իր ժողովուրդին կողքին ըլլալ:

Քարոզի աւարտին, սրբազան հայրը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որ արցախահայութեան նուիրուած զանազան ձեռնարկներու եւ ազգակերտ աշխատանքներու կողքին, վերջերս նաեւ հայրապետական Ս. Աթոռին կողմէ յառաջացուցած է յատուկ մարմին մը, որ շուտով կը սկսի մարդասիրական նոր ծրագիրներու ճամբով անհրաժեշտ օժանդակութիւն մատակարարել գաղթական ու տարագիր արցախահայութեան:

Յաւարտ Ս. պատարագին, հանդիսապետութեամբ վեհափառ հայրապետին, տեղի ունեցաւ Արցախին ու արցախահայութեան նուիրուած յատուկ աղօթք եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ` Արցախ հայրենիքին պաշտպանութեան ու պահպանութեան համար նահատակուած մեր հերոս հայորդիներու հոգիներուն համար:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/10/2023, 09:00