Որոնել

Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած երեխաներ Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած երեխաներ  (ANSA)

Աշխարհը անտարբեր կը հետեւի, թէ ինչպէ՛ս տեղի կ՛ունենայ Հայոց այլ ցեղասպանութիւն եւ Հայերու բռնի տեղահանութիւն

«Genocide watch»ի յօդուածին մէջ նշուած է, որ ազրպէյճանական քարոզչութիւնը «Ապամարդկայնացնում է հայերին», Ազրպէյճանը ջնջած է Հայաստանի հնագոյն պատմութիւնը, համակարգուած կերպով կ՛ոչնչացնէ հայկական քրիստոնէական եկեղեցիները եւ սրբավայրերը:
Ունկնդրէ լուրը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն 2 տարի ետք աշխարհը անտարբեր կը հետեւի, թէ ինչպէ՛ս տեղի կ՛ունենայ հայոց այլ ցեղասպանութիւն եւ հայերու բռնի տեղահանութիւն: Այս մասին նշուած է «Ճենոսայտ Ուոչ»-ի (Genocide Watch) հրապարակած յօդուածին մէջ:

Ըստ յօդուածին, Genocide Watch-ը, Լեմքինի անուան ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկը, «Փրկել Ղարաբաղը» համախոհական խմբակցութիւնը, Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամպոն, ինչպէս նաեւ հայկական տարբեր կազմակերպութիւններ 2022 թուականին արդէն իսկ նախազգուշացուցած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցող ցեղասպանութեան մասին:

Յօդուածին հեղինակները արձանագրած են` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բռնի տեղահանութիւնը եւ ցեղասպանութիւնը «Տասնամեակներ շարունակուող հակամարտութեան կուլմինացիան է»: Յօդուածին մէջ նաեւ ներկայացուած են 2023 թուականի սեպտեմբեր 19-ին Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ լայնածաւալ յարձակման հետեւանքները, քաղաքացիական բնակչութեան շրջանի զոհերը:

«Ազրպէյճան միտումնաւոր կերպով գնդակոծած է քաղաքները: Այս պատերազմական յանցագործութիւն է (ՄՔԴ կանոնագիրք, յօդուած 8, 2b(i))», գրուած է «Genocide Watch»-ի հրապարակած յօդուածին մէջ: Շեշտուած է, որ ազրպէյճանական յարձակման ժամանակ Սառնաղբիւրի մէջ զոհուած է 5 քաղաքացի, այդ թիւին մաս կազմած է 3 երեխայ, անհետ կորսուած է 2 երեխայ, վիրաւորուած` 2 երեխայ:

Այնուհետեւ արձանագրուած է` «Բռնի տեղահանութիւնը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն է (ՄՔԴ կանոնագիրք, յօդուած 7, (1d))»:

Յօդուածին մէջ նշուած է, որ ազրպէյճանական քարոզչութիւնը «Ապամարդկայնացնում է հայերին», Ազրպէյճանը ջնջած է Հայաստանի հնագոյն պատմութիւնը, համակարգուած կերպով կ՛ոչնչացնէ հայկական քրիստոնէական եկեղեցիները եւ սրբավայրերը:

Ըստ հրապարակման, հակառակ Ազրպէյճանի նախագահի յայտարարութեան, որ իբր թէ հայերուն իրաւունքները Ազրպէյճանի մէջ կը պահպանուին, սակայն իրականութեան մէջ ազրպէյճանցի զինուորականները ընկերային ցանցերու վրայ կը տարածեն իրենց կողմէ հայերը սպաննելու տեսանիւթերը, հետեւաբար հայերը չեն կրնար ապահով ըլլալ Ազրպէյճանի մէջ:

«Ազրպէյճանական ուժերը կը կալանաւորեն տարհանուողները եւ արդէն ձերբակալած են Արցախի նախկին ղեկավարներէն Ռուբէն Վարդանեանը», նշուած է յօդուածին մէջ:

Յօդուածագիրները նաեւ շեշտած են, որ Եւրոպան, ինչպէս 1915 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ, չկրցաւ գործել` վերջ դնելու հայերուն ցեղասպանութեան:

«Հայաստանին հարկաւոր են երաշխիքներ` Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ Ռուսիոյ կողմէ, որպէսզի անոնք անվտանգ մնան ազրպէյճանական հետագայ հակամարտութենէն», եզրափակած են «Genocide Watch»-ի յօդուածագիրները:

Աղբիւրը՝ Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/10/2023, 08:08