Որոնել

2023.10.03   Arrestati gli Ex presidenti Nagorno Karabakh

Գերեվարուած են Արայիկ Յարութիւնեանը, Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանն oու Դաւիթ Իշխանեանը

Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը եւ Բակօ Սահակեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը տեղափոխուած են Պաքու, իսկ Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը գերեվարուած է եւ զայն կը տանին Պաքու:

Երէկ երեկոյեան «Արցախփրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ազրպէյճանական պաշտօնական աղբիւրները կը հաստատեն, որ Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը եւ Բակօ Սահակեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը տեղափոխուած են Պաքու, իսկ Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը գերեվարուած է եւ զայն կը տանին Պաքու:

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արթուր Յարութիւնեանը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցած է, որ ինք, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արարատ Մելքումեանը, ներքին գործոց նախարար Կարէն Սարգսեանն ու նախագահի աշխատակազմի ղեկավարը ազրպէյճանական անցակէտով երէկ հասած են Հայաստան: Նախկին նախագահներու ու խորհրդարանի նախագահի գերեվարման վերաբերեալ որեւէ մեկնաբանութիւն չէ տուած: Միայն ըսած է, որ երբ իրենք ճամբայ կ՛ելլէին, անոնք դեռ Ստեփանակերտի մէջ էին:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/10/2023, 08:42