Որոնել

FILE PHOTO: Residents leave the city of Stepanakert following a military operation by Azerbaijani armed forces in Nagorno-Karabakh

64 Արցախցիներ մահացած են բռնի տեղահանութեան ընթացքին

Ըստ Աբրահամեանի՝ միօրեայ պատերազմի զոհերուն թիւը առաւել քան 200 է. սպաննուած են 9 քաղաքացիներ, որոնցմէ 3ը՝ մանուկներ,.վիրաւորուած են 231 զինուորներ եւ 80 խաղաղ բնակիչներ:

64 արցախցիներ մահացած են բռնի տեղահանութեան ընթացքին՝ ճամբուն վրայ ուտելիքի, դեղորայքի եւ բժշկական օգնութեան բացակայութեան պատճառով: «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց Քննչական կոմիտէի բանբեր Գոռ Աբրահամեան:

Ան նաեւ տեղեկացուց, որ 19 Սեպտեմբերի մարտական գործողութիւններէն մինչեւ այսօր 30 զինուորներու եւ 12 քաղաքացիներու գտնուած վայրը յայտնի չէ:

Ըստ Աբրահամեանի՝ միօրեայ պատերազմի զոհերուն թիւը առաւել քան 200 է. սպաննուած են 9 քաղաքացիներ, որոնցմէ 3ը՝ մանուկներ,.վիրաւորուած են 231 զինուորներ եւ 80 խաղաղ բնակիչներ:

Քննչական կոմիտէն նաեւ կը տեղեկացնէ, որ ատրպէյճանցի զինուորականները 14 անձեր խոշտանգած են:

Այս տուեալները, ըստ Աբրահամեանի, վերջնական չեն. Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ կատարուած ցեղային զտումներուն վերաբերեալ քրէական գործով քննութիւնը կը շարունակուի: 

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/10/2023, 08:03