Որոնել

US-HISTORY-ATTACKS-9-11

Միացեալ Նահանգները Արցախի մէջ ցեղային զտումները պիտի չհանդուրժէ

«Արտաքին գործոց նախարարը, Հարաւային Կովկասկի հարցերու անոր աւագ խորհրդականը, ես եւ շարք մը այլ գործընկերներ անմիջականօրէն ներգրաւուած ենք, որպէսզի յառաջ մղենք Լաչինի միջանցքի եւ այլ ճամբաներու միաժամանակ բացումը: Նախագահ Ալիեւ, ինչպէս նաեւ Արցախի ներկայացուցիչները հրապարակաւ յայտնած են, որ համաձայն են այս պայմանաւորուածութեան: Այդ պայմանաւորուածութիւնը այլեւս պէտք չէ յետաձգուի»
Ունկնդրէ լուրը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ, Արցախի ճգնաժամի գնահատման վերաբերեալ լսումներուն ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու նախարարի տեղակալ Եուրի Քիմ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին նկատմամբ ցեղային զտումներ կամ այլ վայրագութիւններ պիտի չհանդուրժեն:

«Մենք խորապէս մտահոգ ենք Լաչինի միջանցքի շարունակական փակումով եւ այն հետեւանքներով, զորս այդ փակումը կ՛ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին վրայ: Այս հարցին մէջ հաստատուած իրավիճակը բացարձակապէս անընդունելի է մեզի համար, եւ մենք պիտի չդադրեցնենք մեր աշխատանքը, մինչեւ որ լուծումի մը հասնինք», ըսաւ ան:

Քիմ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգները մնայուն կերպով պնդած է, որ Լաչինի միջանցքը պէտք է բաց ըլլայ մարդասիրական եւ մասնաւոր փոխադրութիւններու համար՝ աւելցնելով, որ այդ պատգամը հասցուցած են Ատրպէյճանի կառավարութեան՝ թէ՛ հրապարակային յայտարարութիւններով եւ թէ առանձին զրոյցներու ընթացքին, բազմաթիւ առիթներով:

«Արտաքին գործոց նախարարը, Հարաւային Կովկասկի հարցերու անոր աւագ խորհրդականը, ես եւ շարք մը այլ գործընկերներ անմիջականօրէն ներգրաւուած ենք, որպէսզի յառաջ մղենք Լաչինի միջանցքի եւ այլ ճամբաներու միաժամանակ բացումը: Նախագահ Ալիեւ, ինչպէս նաեւ Արցախի ներկայացուցիչները հրապարակաւ յայտնած են, որ համաձայն են այս պայմանաւորուածութեան: Այդ պայմանաւորուածութիւնը այլեւս պէտք չէ յետաձգուի», դիտել տուաւ Քիմ:

Ան յայտարարեց նաեւ, որ բոլոր բանակցութիւններուն ընթացքին, մնայուն կերպով ընդգծած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայերու իրաւունքները եւ ապահովութիւնը պէտք է պաշտպանուին, եւ որ որեւէ կայուն ու արժանապատիւ խաղաղութեան համաձայնագիրի առանցքային բաղադրիչը պէտք է ըլլայ ասիկա:

«Ատրպէյճան պէտք է միջազգայնօրէն հաստատուած երաշխիքներ տրամադրէ, որ կը յարգէ անոնց իրաւունքները, եւ որ անոնք կրնան իրենց տուներուն մէջ ապրիլ առանց վախի: Կ՛ուզեմ յստակ բան մը յայտարարել. Միացեալ Նահանգները չի հանդուրժեր որեւէ գործողութիւն, ըլլա՛յ այդ կարճաժամկէտ, թէ երկարաժամկէտ, որ ցեղային զտումներ կամ այլ վայրագութիւններ կատարուին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին նկատմամբ», ընդգծեց Քիմ: 

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/09/2023, 09:00