Որոնել

UNESCO Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէ UNESCO Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէ 

UNESCO-ի Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի նիստին ԼՂ-ի մշակոյթի եւ պատմութեան յուշարձաններու հարցը քննարկուած է

ՀՀ ներկայացուցիչը նաեւ առարկութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գտնուող Ազոխի եւ Վերին Թաղերի քարայրները ազրպէյճանի նախնական ցանկին մէջ ներառելու ազրպէյճանական առաջարկին վերաբերեալ։

Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ, Սեպտեմբեր 10-25, կ՝իրականացուի UNESCO-ի Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի 45-րդ ընդլայնուած նիստը, որուն կը մասնակցի նաեւ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձաններու պահպանութեան վարչութեան պետ, 1972թ. Մշակութային եւ բնութեան համաշխարհային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին համաձայնագրի համակարգող Յարութիւն Վանեանը:

ՀՀ ԿԳՄՄ նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն՝ Յարութիւն Վանեան իր ելոյթին ընթացքին Հայաստանի պատուիրակութեան անունով լսարանի ուշադրութիւնը հրաւիրած այն փաստին վրայ, որ ազրպէյճանը, մշտապէս քաղաքականացնելով UNESCO-ի մշակութային հարթակը, անհիմն ու կեղծ մեղադրանքներ կը հնչեցնէ Հայաստանի հասցէին, եւ այդ վարքագիծը կը հակասէ կազմակերպութեան արժէքներուն եւ սկզբունքներուն:

ՀՀ ներկայացուցիչը նաեւ առարկութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գտնուող Ազոխի եւ Վերին Թաղերի քարայրները ազրպէյճանի նախնական ցանկին մէջ ներառելու ազրպէյճանական առաջարկին վերաբերեալ։

Հայաստանի պատուիրակը իր խօսքին մէջ նշած է, որ նախնական ցանկով արձանագրուող քարայրները կը գտնուին Լեռնային Ղարաբաղի Հադրութի շրջանին մէջ, որ 2020թ. ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմին հետեւանքով անցած է վերջինիս վերահսկողութեան տակ: Այդ ժամանակէն ի վեր՝ ազրպէյճանը ձեռնամուխ եղած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հազարամեայ հայկական մշակութային ժառանգութեան՝ պետական հովանաւորութեամբ իրականացուող մշակութային ցեղասպանութեան` մշակութային վայրերու ոչնչացման, պղծման եւ հայկական ինքնութեան իւրացման բազմաթիւ փաստագրուած դէպքերով: Հադրութի շրջանի Մոխրենես գիւղի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ՝ վերջերս առնուած արբանեակային լուսանկարները, ի թիւս այլոց, կը ծառայեն իբրեւ ազրպէյճանի կողմէ ոչ միայն հայկական մշակութային ժառանգութեան, այլեւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշման անտեսման վառ օրինակ, որ 2021 թուականի Դեկտեմբեր 7-ի որոշումով՝ կը պարտադրէ ազրպէյճանին «ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ կանխելու եւ պատժելու վանտալութեան եւ պղծման գործողութիւնները՝ ուղղուած հայկական մշակութային ժառանգութեան, ներառեալ՝ եկեղեցիներու եւ այլ պաշտամունքի վայրերու, յուշարձաններու, տեսարժան վայրերու, գերեզմանատուներու եւ արտեֆակտերու դէմ»:

Մէջբերուած է նաեւ 2022 թուականի Մարտ 10-ի Եւրոխորհրդարանի ընդունած բանաձեւը, որմով կազմակերպութիւնը կը դատապարտէ ազրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման, ազրպէյճանի մէջ հայատեացութեան տարածման համար:

Յարութիւն Վանեան նշած է, որ մինչեւ այժմ ազրպէյճանը կը հրաժարի Լեռնային Ղարաբաղ եւ հարակից տարածքներ մուտքի իրաւունք տրամադրելէ UNESCO-ի փաստահաւաք առաքելութեան՝ կատարելու կարեւորագոյն մշակութային արժէքներու գոյքագրում, որ առաջարկուած էր UNESCO-ի Գլխաւոր տնօրէնին կողմէ 2020 թուականի Նոյեմբերին՝ իբրեւ տարածաշրջանի ժառանգութեան արդիւնաւէտ պաշտպանութեան նախապայման։ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր, Լեռնային Ղարաբաղի անմարդկային շրջափակման հետ մէկտեղ, ազրպէյճանի այս գործողութիւնները կը վկայեն բնիկ հայ բնակչութեան ոչնչացման եւ անոր մշակութային ժառանգութեան ցանկացած հետք ջնջելու ցեղասպան մտադրութեան մասին։

Շեշտուած է նաեւ UNESCO-ի առաքելութեան տեղակայման հրատապ անհրաժեշտութիւնը եւ ընդգծուած Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ համագործակցելու այդ հարցով UNESCO-ի հետ։

Աղբիւրը՝ Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2023, 08:48