Որոնել

Earthquake-in-armenia_21322-copia.jpg

Իրերայաջորդ երեք երկրաշարժներ հարուածած են Իրաքի Քերքուք եւ Տահուք նահանգները

Առաջին երկրաշարժը 4,7 աստիճան ուժգնութեամբ էր եւ անոր կեդրոնը Քերքուք նահանգի Թոզխարմաթօ շրջանէն 20 քմ հիւսիս-արեւելք է

Իրաքի երկրաբանական մարմինը հաղորդեց, որ երէկ արշալոյսին երեք իրերայաջորդ երկրաշարժներ հարուածած են հիւսիսային եւ կեդրոնական Իրաքի Տահուք եւ Քերքուք նահանգները:

Առաջին երկրաշարժը 4,7 աստիճան ուժգնութեամբ էր եւ անոր կեդրոնը Քերքուք նահանգի Թոզխարմաթօ շրջանէն 20 քմ հիւսիս-արեւելք է: Երկրորդը 4,6 աստիճան ուժգնութեամբ էր, եւ անոր կեդրոնը Տահուք նահանգին մէջ Իրաք-Թուրքիա սահմանին մօտ էր, իսկ երրորդը 3,1 աստիճան ուժգնութեամբ էր, եւ անոր կեդրոնը 2-րդ ցնցումի կեդրոնին մօտ էր:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2023, 07:39