Որոնել

Ստեփանակերտի վերածնունդի Հրապարակի վրայ հաւաք Ստեփանակերտի վերածնունդի Հրապարակի վրայ հաւաք 

Իրավիճակը այնքան սրուած է, որ մարդիկ դիմանալու կարողութիւն անգամ չունին․ Հաւաք՝ Ստեփանակերտի վերածնունդի հրապարակին վրայ

Հադրութի քաղաքապետին խօսով` համայնքներու ղեկավարներուն եւ հրապարակին վրայ հաւաքուածներուն միջեւ համաձայնութիւն եղած է` Երկուշաբթի օրը հանդիպելու Արցախի Հանրապետութեան նախագահին հետ եւ քննարկելու բնակչութեան առջեւ ծառացած խնդիրները:

Սեպտեմբեր 15֊ին, խումբ մը քաղաքացիներ հաւաքուած են Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ` յայտնելու իրենց խիստ մտահոգութիւնը Արցախի մէջ ստեղծուած ծայրայեղ ծանր իրավիճակին վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։

Հաւաքի մասնակից, Հադրութի քաղաքապետ Վահան Սաւադեան աղբիւրին յայտնած է, որ իւրաքանչիւր արցախցի այսօր կը փորձէ յաղթահարել դժուար փորձութիւններ, բայց տեղահանուածներուն վիճակը այս պահուն անհամեմատ  աւելի ծանր է։ Անոնց մեծ մասը չ՝աշխատիր, բայց ստիպուած է միջոցներ հայթայթել գոյատեւելու համար:

«Մարդիկ հաւաքուած են հրապարակ հասկնալու` ով ունի իրենց հարցերուն պատասխանը, յառաջիկայ խնդիրները ինչպէս պիտի յաղթահարեն եւ, վերջապէս, ինչ կը սպասուի արցախահայութեան: Իրավիճակը այնքան սրուած է, որ մարդիկ դիմանալու կարողութիւն անգամ չունին»,- նշած է ան։

Հադրութի քաղաքապետին խօսով` համայնքներու ղեկավարներուն եւ հրապարակին վրայ հաւաքուածներուն միջեւ համաձայնութիւն եղած է` Երկուշաբթի օրը հանդիպելու Արցախի Հանրապետութեան նախագահին հետ եւ քննարկելու բնակչութեան առջեւ ծառացած խնդիրները:

Աղբիւրը՝ Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/09/2023, 09:30