Որոնել

Ստեփանակերտի  յարակից տարածքին մէջ պենզինի պահեստին մէջ պայթում Ստեփանակերտի յարակից տարածքին մէջ պենզինի պահեստին մէջ պայթում 

Ստեփանակերտի յարակից տարածքին մէջ պենզինի պահեստին մէջ պայթումին պատճառաւ կան զոհեր եւ վիրաւորներ

Առողջապահութեան նախարարութենէն «Ազատութեան» յայտնեցին, որ կը ձեռնարկուին կարելի բոլոր միջոցներու օդային եւ ցամաքային ճամբով պայթումէն տուժածներու տեղափոխումը ապահովելու՝ նշելով, որ գիշերային եւ եղանակային վատ պայմանները գիշերային այդ պահուն անկարելի կը դարձնեն տեղափոխութիւնը:

Ստեփանակերտ-Ասկերան մայրուղիի յարակից տարածքին մէջ, պենզինի պահեստանոցի մը մէջ պատահեցաւ ուժեղ պայթում մը, որուն պատճառով կան զոհեր եւ վիրաւորներ: Այս մասին կը հաղորդեն Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն:

Ստեփանակերտի Հանրապետական բժիշկ Մարատ Յարութիւնեան աւելի ուշ, «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրառում կատարեց՝ խնդրելով բոլոր բժիշկներէն եւ հիւանդապահներէն՝ ուղղուիլ Ստեփանակերտի Մանկան եւ Հանրապետական հիւանդանոցներ, որովհետեւ արտակարգ կացութիւն կայ պայթումին պատճառով: 

Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ վիրաւորներուն թիւը անցաւ 200ի սահմանը. մեծամասնութեան առողջական վիճակը ծանր կամ ծայրայեղ ծանր է, սակայն Արցախի բժշկական կարելիութիւնները բաւարար չեն մարդոց կեանքը փրկելու համար:

«Սանիտարական աւիացիան պէտք է շատ շտապ վայրէջք կատարի՝ մարդկանց կեանքեր փրկելու համար:  Շատ շտապ, առանց յապաղելու: Տուժածներու կեանքը փրկելու համար նրանց օդային ճանապարհով տարհանելու խիստ անհրաժեշտութիւն կայ», գրած է Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը: 

Առողջապահութեան նախարարութենէն «Ազատութեան» յայտնեցին, որ կը ձեռնարկուին կարելի բոլոր միջոցներու օդային եւ ցամաքային ճամբով պայթումէն տուժածներու տեղափոխումը ապահովելու՝ նշելով, որ գիշերային եւ եղանակային վատ պայմանները գիշերային այդ պահուն անկարելի կը դարձնեն տեղափոխութիւնը:

Հայաստանի մասնագէտները մնայուն կապի մէջ են արցախցի բժիշկներուն հետ, խորհրդատուական աջակցութիւն կը ցուցաբերեն, նշեցին նախարարութենէն՝ շեշտելով, որ մեծ աշխատանք կը տարուի ուղղաթիռով տուժածները Հայաստան տեղափոխելու: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2023, 09:02