Կլուծարուին բոլոր պետական գերատեսչութիւնները և Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը կը դադարի գոյութիւն ունենալէ
Արմենփրէս լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ որ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը ստորագրած է հրամանագիր ԼՂ տարածքին մէջ բոլոր պետական հիմնարկներն ու կազմակերպութիւնները լուծարելու վերաբերեալ։
Հրամանագրին մէջ նշուած է` որ «հաշուի առնելով ստեղծուած ռազմաքաղաքական ծանր իրավիճակը և ելնելով ԼՂ ժողովրդի ֆիզիկական անվտանգութեան և կենսական շահերու ապահովման առաջնահերթութիւններէն, հաշուի առնելով ռուսական խաղաղապահ ուժերու հրամանատարութեան միջնորդութեամբ Ադրբեջանի հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնն այն մասին, որ հաշուի է առնուելու ԼՂ բնակիչներու՝ սեփական ունեցուածքով ու փոխադրական միջոցներով ազատ, կամաւոր և ան խոչընդոտ անցումը Լաչինի միջանցքով, որոշուած է․
«Մինչև 2024թ․ Յունուարի 1-ը լուծարել իրենց գերատեսչական ենթակայութեան բոլոր պետական հիմնարկները և կազմակերպութիւնները, և ԼՂ (Արցախի) Հանրապետութիւնը կը դադրի գոյութիւն ունենալ։
Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը, անոնց շարքին՝ հանրապետութիւնէն դուրս գտնուող բնակչութիւնը սոյն հրամանագրի ուժի մէջ մտնելէն յետոյ կը ծանօթանայ Ադրբեջանի ներկայացրած «վերաինտեգրման» պայմաններուն՝ ապագայի մէջ ԼՂ-ի մէջ մնալու (վերադառնալու) անհնարաւորութեան մասին անհատական որոշում կայացնելու նպատակով»։
Հրամանագիրին մէջ նշուած է նաև, որ որոշումն ուժի մէջ կը մտնէ հրապարակման պահէն սկսեալ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ