Որոնել

Ռայի Պատրիարք Ռայի Պատրիարք 

Մելպըրնի մէջ. «Լիբանանի տագնապին էութիւնը երկրին պատասխանատուներուն միջեւ անվստահութիւնն է» շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հովուապետական Մելպըրն

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ անցեալ շաբաթավերջին Աւստրալիա հովուապետական այցելութեան մը սկսաւ, Մելպըրնի մէջ կազմակերպուած ընթրիքի երեկոյի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ տնտեսական ահաւոր տագնապ մը, որ իր ճնշող ազդեցութիւնը կ՛ունենայ կրթական մարզին վրայ:

«Լիբանանի մէջ ոմանք կը փորձեն կրթական մարզը հարուածել, սակայն մենք անձնատուր պիտի չըլլանք, որովհետեւ կրթութիւնը մեզի համար հիմնական է եւ անիկա կենաց մահու հարց է», ըսաւ ան:

Ան բարձր գնահատեց Աւստրալիոյ լիբանանեան գաղութին ընթացքը եւ Լիբանանին կատարած անոր օժանդակութիւնները` հաստատելով, որ արտերկրի լիբանանցիները Լիբանանի համար հպարտութիւն են:

«Լիբանանի դիմագրաւած տագնապին էութիւնը կը կազմէ երկրին պատասխանատուներուն միջեւ անվստահութիւնը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ցաւ ի սիրտ լիբանանցին այլեւս Լիբանանի նկատմամբ վտսահութիւն չունի:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ անվստահութեան պարագային վտանգը կրնայ շատ մեծ ըլլալ` աւելցնելով, որ վստահութիւնը կեանքին մէջ հիմնական ազդակ է, սակայն Լիբանանի մէջ ան կորսուած է:

«Բայց եւ այնպէս, իբրեւ մարոնի եկեղեցի կը վստահինք Լիբանանին ու լիբանանցիներուն եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնենք լիբանանցիներուն միջեւ կոտրուած վստահութիւնը վերահաստատելու», շեշտեց ան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/09/2023, 08:49