Որոնել

Փութին եւ Փաշինեան Փութին եւ Փաշինեան  (ANSA)

Փաշինեան եւ Փութին հեռաձայնով քննարկեցին վերջին զարգացումները

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր կարգին յայտնեց, որ ռուս խաղաղապահները ամէն ինչ կ՛ընեն՝ պաշտպանելու Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութիւնը. Մոսկուա սերտ կապի մէջ է Երեւանի, Ստեփանակերտի եւ Պաքուի իշխանութիւններուն հետ: Ըստ «Վետոմոսթի»ի՝ ան յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ լարուածութեան մեղմացման եւ հարցը տեղափոխել խաղաղ հուն:

Չորեքշաբթի, 20 Սեպտեմբերին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ տեղի ունեցաւ հեռաձայնային զրոյց մը: 

Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է վարչապետի բանբեր Նազելի Բաղդասարեան: 

Քննարկումի նիւթ դարձած է Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը: 

Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ Հայաստան-Ռուսիա երկկողմ օրակարգի հարցերու:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր կարգին յայտնեց, որ ռուս խաղաղապահները ամէն ինչ կ՛ընեն՝ պաշտպանելու Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութիւնը. Մոսկուա սերտ կապի մէջ է Երեւանի, Ստեփանակերտի եւ Պաքուի իշխանութիւններուն հետ: Ըստ «Վետոմոսթի»ի՝ ան յայտնեց, թէ ինք յոյս  ունի, որ կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ լարուածութեան մեղմացման եւ հարցը տեղափոխել խաղաղ հուն: 

Փութին այս յայտարարութիւնը կատարեց նախքան Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Եիի հետ բանակցութիւնները՝ վստահեցնելով, որ նախարարը պիտի տեղեկացնէ Ղարաբաղ-Ատրպէյճան եւ Հայաստան-Ատրպէյճան հարցերու կարգաւորման ոլորտին մէջ տիրող կացութեան մասին:

Մինչ այդ, Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով ըսաւ, որ Ատրպէյճան իր տէ եուրէ (իրաւական) տարածքին մէջ զինուորական գործողութիւններ կը կատարէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ուստի Հայաստանի մեղադրանքները, թէ ռուս խաղաղապահները չեն կատարած իրենց պարտաւորութիւնները, անհիմն են: 

«Մենք չենք ընդունիր մեր հասցէին նման նախատինքները, յատկապէս Ղարաբաղի՝ Ատրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու հայկական կողմի պաշտօնական որոշումէն ետք: Տէ ժիւրէ, այժմ խօսքը Ատրպէյճանի Հանրապետութեան իր տարածքին մէջ գործողութիւններու մասին է», ըսաւ ան: 

Ան աւելցուց, որ Մոսկուա կապ կը պահէ հակամարտութեան բոլոր կողմերու հետ՝ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ղարաբաղի հայերուն հետ՝ ընդգծելով, թէ Հայաստան կը մնայ Ռուսիոյ դաշնակիցը:

Աւելի կանուխ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Արցախի շուրջ ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ հրապարակեց յայտարարութիւն մը՝ կոչ ուղղելով անյապաղ դադրեցնելու արիւնահեղութիւնը, դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները եւ բացառելու քաղաքային զոհերը:

«Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման ճակատագիրին վրայ արմատապէս ազդեց Երեւանի կողմէ Հոկտեմբեր 2022ին եւ Մայիս 2023ին Եւրոպական Միութեան հովանիին տակ տեղի ունեցած վեհաժողովներուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի տարածքին մաս ճանչնալը: Ասիկա փոխեց հիմնարար պայմանները, որոնց լոյսին տակ ստորագրուած է Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 9 Նոյեմբեր 2020ի յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի դրութիւնը», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/09/2023, 09:30