Որոնել

++ Mattarella, 'aggressione Russia spinge unità Europa' ++

ԵԽԽՎ-ի Յանձնախումբը որոշած է դիմել գրասենեակին հրատապ ընթացակարգով Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի շուրջ քննարկումի հարցով

Յանձնախումբը առաջարկած է Հրատապ ընթացակարգով կազմակերպել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող մարդասիրական ճգնաժամի հարցի քննարկում ԵԽԽՎ-ի 2023 թուականի հոկտեմբերեան նստաշրջանի ընթացքին

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Իրաւական հարցերու եւ մարդու իրաւունքներու յանձնախումբը Փարիզի մէջ իր գումարած նիստի ընթացքին որոշում տուած է դիմելու ԵԽԽՎ-ի գրասենեակին: Այս մասին իր դիմատետրեան էջին վրայ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պետաիրաւական յանձնախումբի նախագահ Վլատիմիր Վարդանեան:

Յանձնախումբը առաջարկած է.

– Հրատապ ընթացակարգով կազմակերպել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող մարդասիրական ճգնաժամի հարցի քննարկում ԵԽԽՎ-ի 2023 թուականի հոկտեմբերեան նստաշրջանի ընթացքին,

– Եւրոպական խորհուրդի անդամ պետութիւններու կողմէ պարտաւորութիւններու կատարման (հսկողութեան) եւ գաղթի, գաղթականներու եւ տեղահանուածներու հարցերով յանձնախումբերուն մէջ կազմակերպել հրատապ կարգով միացեալ լսումներ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող մարդասիրական ճգնաժամին վերաբերեալ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2023, 09:00