Որոնել

ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրի նիստ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրի նիստ 

Ֆրանսայի պահանջով՝ Արցախի հարցով ՄԱԿի ապահովութեան խորհուրդի նիստ

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նոյնպէս իր հրապարակած յայտարարութեան միջոցով խստագոյնս դատապարտեց Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ծանր զինատեսակներու օգտագործումով զինուորական գործողութեան սկսիլը եւ յատկապէս բնակեցուած տարածքներու ռմբակոծումը։

Ֆրանսայի նախագահ էմանուել Մաքրոն խստօրէն դատապարտեց Արցախի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ ուժի կիրարկումը: «Յարձակումը պէտք է անյապաղ դադրեցուի եւ բնակիչներու իրաւունքներուն եւ ապահովութեան վերաբերող քննարկումները վերսկսին», յայտարարեց ան՝ շեշտելով, որ սերտ եւ մնայուն կապի մէջ է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, որուն հետ օրուան ընթացքին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ։

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նոյնպէս իր հրապարակած յայտարարութեան միջոցով խստագոյնս դատապարտեց Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ծանր զինատեսակներու օգտագործումով զինուորական գործողութեան սկսիլը եւ յատկապէս բնակեցուած տարածքներու ռմբակոծումը։

«Ոչ մէկ պատրուակ կրնայ արդարացնել նման միակողմանի գործողութիւն, որ կը սպառնայ հազարաւոր խաղաղ բնակիչներուն, որոնք արդէն տուժած են ամիսներ շարունակ ապօրինի շրջափակումէն. անիկա կը հակասէ միջազգային ընտանիքի բանակցութիւններու ճամբով լուծումի հասնելու ջանքերուն։ Ֆրանսա կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանին՝ անյապաղ դադրեցնելու իր յարձակումը եւ յարգելու միջազգային օրէնքը։

Ֆրանսա կը պահանջէ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ մը գումարել։ Ֆրանսա սերտօրէն կը համագործակցի իր եւրոպացի եւ ամերիկացի գործընկերներու հետ, որպէսզի ուժեղ պատասխան տրուի այս անընդունելի յարձակումին», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ։

Աւելի ուշ, «Թասս» լրատու գործակալութիւնը, իր լուրերը քաղելով ՄԱԿի մէջ դիւանագիտական աղբիւրէ մը՝ յայտնեց, որ Հինգշաբթի, 21 Սեպտեմբերին, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը Նիւ Եորքի մէջ, Արցախի հարցով նիստ մը պիտի գումարէ։

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/09/2023, 09:12