Որոնել

Ռայի Պատրիարք Ռայի Պատրիարք 

Ռայի Պատրիարքը կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու եւ Թաէֆի համաձայնագիրը գործադրելու

Ռայի պատրիարքը մարոնի եկեղեցւոյ անունով ցաւակցութին յայտնեց Մարոքի պետութեան:
Ունկնդրէ լուրը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Մայֆուքի Սայիտաթ Իլիժ վանքին մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ Լեռնալիբանանի հաշտութեան տարեդարձի նշումը իրենց համար եղած է յանձնառութիւն` զայն շարունակելու եւ զարգացնելու իմաստով:

Ան ցաւ յայտնեց Մարոքը հարուածած երկրաշարժին համար եւ աղօթեց զոհերուն հոգիներուն հանգստութեան, ինչպէս նաեւ վիրաւորներուն ապաքինումին համար:

Ռայի պատրիարքը մարոնի եկեղեցւոյ անունով ցաւակցութին յայտնեց Մարոքի պետութեան:

Ռայի պատրիարքը, անդրադառնալով Լիբանանի համար զոհուած նահատակներուն հաստատեց, որ անոնք նահատակուած են պահպանելու համար Լիբանանի բազմազանութիւնը, լիբանանեան միասնականութիւնը եւ Լիբանանի սահմանադրութիւնը, որ երկիրը կը վերածէ հանդիպման եւ երկխօսութեան վայրի մը:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ ազգային միասնականութեան վրայ հիմնուած համերաշխութիւնը, որ առկայ է նաեւ սահմանադրութեան մէջ, որեւէ իշխանութեան օրինականութիւն կ՛ընծայէ:

Ռայի պատրիարքը ցաւ յայտնեց պաղեստինեան Այն Հելուէ  գաղթակայանի զինեալ բախումներուն համար` հաստատելով, որ անիկա վտանգ կը տարածէ անվտանգ ապրող քաղաքացիներուն մօտ, ինչպէս նաեւ կը հարուածէ Պաղեստինեան դատը:

Այս շրջագիծին մէջ Ռայի պատրիարքը ըսաւ, որ Լիբանան չի կրնար Իսրայէլի եւ արաբական համախոհութեան նկատմամբ չէզոք գտնուիլ` աւելցնելով, որ իր յայտարարած չէզոքութիւնը կը վերաբերի Լիբանանը շրջանային եւ միջազգային տագնապներէն զերծ կացուցելուն:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու եւ Թաէֆի համաձայնագիրը գործադրելու:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/09/2023, 08:30