Որոնել

Լաչին միջանցքի փակում Լաչին միջանցքի փակում  (AFP or licensors)

Արեւմուտքը Աղտամ-Ասկերան ճամբու բացումը Լաչինի միջանցքի բացման նպաստող կը նկատէ

Արդարեւ, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի ներկայացուցիչը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ Աղտամ-Ասկերան ճամբու բացումը կարեւոր քայլ է, որ պէտք է նպաստէ Լաչինի միջանցքի բացման։

Արեւմուտքը կը շարունակէ յառաջ տանիլ այն թէզը, որ Աղտամի եւ Լաչինի ճամբաները բացուին միաժամանակ` դիտել տալով, որ 12 Սեպտեմբերին, Աղտամ-Ասկերանով մուտք գործած ռուսական մարդասիրական օգնութիւնը պիտի նպաստէ այդ գործընթացին։

Արդարեւ, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի ներկայացուցիչը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ Աղտամ-Ասկերան ճամբու բացումը կարեւոր քայլ է, որ պէտք է նպաստէ Լաչինի միջանցքի բացման։

«Ըստ 1 Սեպտեմբեր 2023ի յայտարարութեան մէջ շարադրուած տարրերուն եւ առաջարկներուն՝ նախագահ Միշէլ կը շարունակէ աշխուժօրէն ներգրաւուած ըլլալ այս եւ այլ մօտեցումներու յառաջ տանելուն մէջ՝ կեդրոնանալով ղարաբաղցի հայերուն դիմաց ծառացած լարուածութեան եւ մարդասիրական կացութեան թուլացման վրայ։ Մասնաւորաբար, նախագահ Միշէլ վերջին քանի մը օրերուն, աշխոյժ կապեր պահպանած է թէ՛ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ թէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ 9 Սեպտեմբեր 2023ի հեռաձայնային զրոյցներուն ընթացքին, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ՝ 10 Սեպտեմբերին, Նիւ Տելհիի մէջ «Քսաներու խմբակ»ի վեհաժողովի ծիրին մէջ։ Այս ջանքերը, որոնք կ՛աջակցէին անոր գրասենեակի եւ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի ամէնօրեայ համագործակցութեան` Պաքուի, Երեւանի եւ Ղարաբաղի հայութեան ներկայացուցիչներու հետ, ուղղուած էին լարուածութեան թուլացման եւ Ղարաբաղի հայերուն համար մարդասիրական հասանելիութեան ապաշրջափակման լուծում մշակելուն։ Այս ծիրին մէջ, մենք կը նշենք ռուսական մարդասիրական բեռներու անցումը Աղտամ-Ասկերան ճամբով։ Կը հասկնանք այս զարգացման վերաբերող զգայնութիւնը։ Մենք յոյս ունինք, որ ատիկա խթան պիտի դառնայ տեղւոյն բնակչութեան կանոնաւոր մարդասիրական մատակարարումներու վերականգնման համար։ Կացութիւնը տեղւոյն վրայ արագօրէն կը վատթարանայ. առաջին անհրաժեշտութիւն համարուող ապրանքներու մատակարարումը ղարաբաղցի հայերուն ապահովելը շատ կարեւոր է։ Աղտամ-Ասկերան երթուղիի բացումը կարեւոր քայլ է, որ պէտք է նպաստէ Լաչինի միջանցքի բացման։ Բոլոր շահագրգիռ կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք՝ ցուցաբերելու պատասխանատուութիւն եւ ճկունութիւն՝ ապահովելու թէ՛ Լաչին ճամբու եւ թէ Աղտամ-Ասկերան ճամբու օգտագործումը։

Այդտեղ այս բարդ կացութիւնը շատ երկար կը տեւէ. այժմ կայուն եւ փոխընդունելի լուծումներ գտնելը կարեւոր է՝ ապահովելու համար մարդասիրական հասանելիութիւնը, ներառեալ՝ աշնան եւ ձմեռնային եղանակներուն ընդառաջ։ Մենք կը վերահաստատենք մեր հաստատակամ համոզումը, որ Լաչինի միջանցքը պէտք է ապաշրջափակուի նախորդ համաձայնութիւններու եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի վճիռին համաձայն, եւ կ՛ընդգծենք մեր համոզումը մատակարարման այլ ուղիներու օգտակարութեան վերաբերեալ՝ ի շահ տեղւոյն բնակչութեան։ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ակնկալէ, որ յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն այսօրուան իրադարձութիւններուն պիտի հետեւին աւելի յստակ քայլեր, ներառեալ՝ Պաքուի եւ Ղարաբաղի հայերուն միջեւ իրենց իրաւունքներու եւ ապահովութեան շուրջ երկխօսութեան, հաշտեցման ջանքերու եւ Հայաստան-Ատրպէյճան ընդհանուր խաղաղութեան հոլովոյթին վերաբերեալ», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ։

Այս նիւթին անդրադարձաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր, որ դիտել տուաւ, թէ իր երկիրը կը շարունակէ աշխատիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստեղծուած կացութեան կարգաւորման ուղղութեամբ` շեշտելով, որ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն անձամբ ներգրաւուած է անոր մէջ՝ միայն վերջին շաբթուան ընթացին բազմաթիւ հաղորդակցութիւններ ունենալով։

«Վերջին 24 ժամերուն ընթացքին Աղտամի ճամբով Լեռնային Ղարաբաղ անցած է մարդասիրական ապրանքներու խմբաքանակ մը, առ այդ, անգամ մը եւս կը կրկնենք մեր կոչը յստակ նիւթով` դէպի երկիր (Լեռնային Ղարաբաղ)  տանող երկու միջանցքներու բացման կարեւորութեան մասին` իբրեւ կարճաժամկէտ նպատակ, եւ երկու երկիրներուն միջեւ վերջնական համաձայնութեան հասնելու կարեւորութեան մասին` իբրեւ երկարաժամկէտ նպատակ», յայտնեց Միլըր։

ԵԱՀԿի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայքըլ Քարփենթըր եւս արտայայտուեցաւ այս մասին՝ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերող յայտարարութեան մը ճամբով:

Մտահոգութիւն յայտնելով Արցախի մէջ տիրող ճգնաժամին գծով` Քարփենթըր դիտել տուաւ, որ մարդասիրական բեռները կը գտնուին թէ՛ Լաչինի եւ թէ Աղտամի ճամբաներուն վրայ։ Ան հաստատեց երկու միջանցքները անյապաղ եւ միաժամանակ բանալու, ինչպէս նաեւ կազի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումը վերականգնելու կոչերը:

Ան կոչ ուղղեց՝ հեռու մնալու լարուածութիւնը սրող միջոցներէ, Ատրպէյճանին` ձեռնարկելու իր տրամադրութեան տակ եղած բոլոր միջոցներուն` Լաչինի միջանցքով երկու ուղղութեամբ մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու անարգել տեղաշարժը ապահովելու համար, իսկ  Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն կոչ ուղղեց` ընդունելու մատակարարումը։

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2023, 09:37