Որոնել

Refugees from Nagorno-Karabakh arrive in Kornidzor

Հազարաւոր Արցախցիներ տեղահանուեցան Արցախ աշխարհէն

Արցախի տեղեկատուական շտապը կը յայտնէ, որ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուելու ցանկութիւն ունեցող բոլոր քաղաքացիները պիտի ունենան այդ կարելիութիւնը` նշելով, որ տեղափոխուելու համար սահմանուած ժամկէտներ չկան:

Երէկ Արցախ աշխարհէն հայերու բռնի տեղահանման երեւոյթը ստացաւ զանգուածային բնոյթ, հազարաւոր արցախցիներ լքեցին իրենց հայրենի բնօրրանը` ապաստան գտնելու համար Մայր Հայաստանի մէջ

Ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն համաձայն, ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը նախանցեալ օր Ստեփանակերտի օդակայանէն մինչեւ Հայաստան ուղեկցած է տեղւոյն բնակիչներու 12 փոխադրակառքերու եւ 41 անձնական ինքնաշարժներու, այս մասին կը տեղեկացնէ խաղաղապահներու թելեկրամեան ալիքը:

Երէկ ալ խաղաղապահները ուղեկցած են Մարտակերտէն, Ասկերանէն եւ Մարտունիէն Ստեփանակերտ շարժող խաղաղ բնակիչներուն:

Մարտակերտի քաղաքապետ Միշա Գիւրջեանը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տեղեկացուցած է, որ Մարտակերտը ամբողջութեամբ ազրպէյճանցիներուն յանձնուած է: Վերջին բնակիչները այնտեղէն դուրս եկած են նախանցեալ օր, շուրջ հազար ինքնաշարժով, եւ երեկոյեան հասած են Ստեփանակերտ: Ինք  եղած է շարասիւնի վերջաւորութեան:

Մարտակերտի քաղաքապետը ըսաւ, որ քաղաքային բնակչութենէն զոհեր չունին, բայց ունին անհետ կորսուածներ: Ան սակայն նշեց, որ դիրքերը պահող զինուորներուն շարքերուն մէջ 20 զոհ ունին:

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները արդէն նախանցեալ երեկոյեան լուսանկարներ հրապարակած էին, թէ ինչպէս ազրպէյճանցի զինուորները Մարտակերտ քաղաքի ցուցանակին վրայ կ՛ամրացնեն Ազրպէյճանի դրօշը:

Արցախի տեղեկատուական շտապը կը յայտնէ, որ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուելու ցանկութիւն ունեցող բոլոր քաղաքացիները պիտի ունենան այդ կարելիութիւնը` նշելով, որ տեղափոխուելու համար սահմանուած ժամկէտներ չկան:

Ըստ շտապին, առաջնահերթօրէն Հայաստան կը տեղափոխուին ռազմական գործողութիւններու պատճառով տարհանուած, անօթեւան մնացած եւ ծանր կացութեան մէջ յայտնուած ու Հայաստան տեղափոխուիլ ուզող քաղաքացիները:

«Արցախի իշխանութիւնները պիտի շարունակեն մնալ իրենց տեղերը եւ պետական կառավարում իրականացնել այնքան ժամանակ, մինչեւ որ ամբողջութեամբ ապահովեն Հայաստանի Հանրապետութիւն ուղեւորուելու ցանկութիւն ունեցող քաղաքացիներու տեղափոխման գործընթացը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

25 սեպտեմբերի ժամը 17:00-ի դրութեամբ Արցախէն Հայաստան մուտք գործած է բռնի տեղահանուած 6 հազար 650 անձ, յայտնեց Հայաստանի կառավարութիւնը:

Անոնցմէ 5 հազար 580-ին վերաբերեալ հաշուառման տուեալները ամփոփուած են, իսկ 1070-ի կարիքներու գնահատումը նոյնականացման փուլին մէջ է:

Բոլոր անոնց, որոնք չունին կեցութեան նախապէս որոշուած վայր, ըստ հաղորդագրութեան, կառավարութիւնը կ՛ապահովէ համապատասխան կեցավայրով:

Այս միջոցին երէկ Իւանեանի մէջ (Խոջալու) տեղի ունեցած է Արցախի հայերու եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներու հերթական հանդիպումը: Այդտեղ կը գտնուի ռուս խաղաղապահներու հիմնական կեդրոնատեղին:

Կողմերու առաջին հանդիպումը 21 սեպտեմբերին տեղի ունեցած էր Եւլախի մէջ:

Ազրպէյճանի նախագահականը կառուցական նկատեց երէկուան հանդիպումը Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներուն հետ: Կը նշուի, որ Պաքուի ու Ստեփանակերտի ներկայացուցիչները քննարկած են մարդասիրական շարք մը խնդիրներու վերաբերող հարցեր:

«Գործողութիւններու ընթացիկ ուղղութիւնները որոշելու համար, Ազրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուստաֆայեւի գլխաւորութեամբ, պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է ստեղծելու համատեղ աշխատանքային խումբ` համայնքային, բժշկական եւ այլ քաղաքացիական գործունէութեամբ զբաղող ներկայացուցիչներու հետ, ներառեալ Խանքենդիի (Ստեփանակերտի) տարածքին մէջ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է յառաջիկային կատարել յաջորդ հանդիպումը` քննարկելու կատարուած աշխատանքի արդիւնքները եւ որոշելու հետագայ քայլերը:

Միւս կողմէ, Ստեփանակերտ-Ասկերան ճանապարհի յարակից տարածքին մէջ` պենզինի պահեստին մէջ, ուժեղ պայթում մը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան, կը յայտնէ Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը:

Կան զոհեր եւ վիրաւորներ, այրուածքներ ստացած բազմաթիւ տուժածներ տեղափոխուած են բժշկական հաստատութիւններ:

Կը հաղորդուի, որ այս պահուն տեղւոյն վրայ կ՛աշխատին փրկարարական եւ բժշկական խումբերը: Այլ տեղեկութիւններ տակաւին յայտնի չեն:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2023, 09:42