Որոնել

Մեսրոպեանի մէջ բացուեցաւ հիմնադրութեան 85-ամեակի տարեշրջանը Մեսրոպեանի մէջ բացուեցաւ հիմնադրութեան 85-ամեակի տարեշրջանը 

Մեսրոպեանի մէջ բացուեցաւ հիմնադրութեան 85-ամեակի տարեշրջանը

Հանդիսութիւնը Պահպանիչով փակեց Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Գերյարգելի Հայր Մեսրոպ ծայրագոյն վարդապետ Թօփալեան, որ նաեւ աղօթք յղեց առ Աստուած հոգատար եւ պահապան կանգնելու Մեսրոպեան վարժարանի կրթական ընտանիքին, հայցելով Սուրբ Մեսրոպի բարեխօսութիւնը՝ անոր յաջողութիւններուն համար:

21 Սեպտեմբեր 2023-ին աշակերտական եւ ծնողական հաւաքով մը Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը նշեց 2023-2024 տարեշրջանի վերամուտը, որ 85-րդն էր իր պատմութեան մէջ:

Վարժարանի շրջափակին մէջ կայացած հաւաքին բացման խօսքը կատարեց աւարտական դասարանի աշակերտ Մարք Կիւլկիւլեան, որ արժեւորեց Մեսրոպեան վարժարանը որպէս մշտապէս նորութիւններու հետամուտ հայեցի եւ հոգեւոր կրթութեան օճախ, որմէ շրջանաւարտ եղած բազմաթիւ հայորդիներ պատիւ բերած են իրենց ազգին եւ հայրենիքին:

Ապա խօսք առաւ Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ, որ «Վերելք»ը յայտարարեց որպէս վարժարանի 85-րդ վերամուտին նշանաբան, անոր հիմնական դրոյթներէն մէկը համարելով այն փաստը, որ որոշում կայացուած է Մեսրոպեանը վերածել Homologué վարժարան, ըստ որուն,  վարժարանը պիտի որդեգրէ Ֆրանսական պետական կրթական ծրագիրը, որպէս հսկայական նշանակութեան քայլ՝ աշակերտներու կրթութան համար:

Պարոն Գալուստ Մեսրոպեանի նուաճումներուն համար շնորհակալութեան եւ երախտիքի խօսք ուղղեց ծնողներուն, առանց որոնց վստահութեան, աջակցութեան եւ գործակցութեան, դժուար պիտի ըլլար իրականացնել այն բարեփոխումները, որոնք տեղի ունեցան յատկապէս վերջին տարիներուն: Տնօրէնը ըսաւ, որ Մեսրոպեանի իւրաքանչիւր աշակերտ արժանի է լաւագոյնին, եւ Մեսրոպեանը միշտ պիտի գործէ այդ հաւատամքով:

Պարոն Գալուստ անդրադարձաւ այն ողբերգական իրականութեան, որ վերջին օրերուն Արցախի Ամարաս վանքը, ուր Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց հաստատած էր առաջին հայկական վարժարանը, անցած է թշնամիի վերահսկողութեան տակ: Ասիկա մեզի չ՛ընկճեր եւ չի յուսահատեցներ, ըսաւ տնօրէնը, այլ աւելի կ՛ամրապնդէ մեզ, որ Պուրճ Համուտի սիրտէն մենք աւելի վառ պահենք Սուրբ Մեսրոպի ոգին եւ առաւել արիութեամբ տարածենք հայ լեզուն ամբողջ աշխարհի տարածքին: Պարոն Գալուստ շեշտեց, որ Արցախ անունը անջնջելի պէտք է մնայ բոլորիս մտքերուն եւ սրտերուն մէջ, որպէսզի կենդանի պահենք պայքարը յանուն մեր իրաւունքներուն: Տնօրէնը նաեւ շնորհաւորեց 21 Սեպտեմբերի Հայաստանի անկախութեան տօնը, մեր հայրենիքին մաղթելով փառքի օրեր:

Մեսրոպեանի հոգեւոր տեսուչ արժանապատիւ Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան իր խօսքը գլխաւորաբար ուղղեց ներկայ ծնողներուն, յորդորելով չվախնալ դժուարութիւններէն եւ խոչընդոտներէն եւ վարժարանի անձնակազմին հետ ձեռք ձեռքի տուած՝ մասնակցիլ իրենց զաւակներու մարդակերտումի եւ հայակերտումի առաքելութեան:

Հանդիսութիւնը Պահպանիչով փակեց Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Գերյարգելի Հայր Մեսրոպ ծայրագոյն վարդապետ Թօփալեան, որ նաեւ աղօթք յղեց առ Աստուած հոգատար եւ պահապան կանգնելու Մեսրոպեան վարժարանի կրթական ընտանիքին, հայցելով Սուրբ Մեսրոպի բարեխօսութիւնը՝ անոր յաջողութիւններուն համար:

 

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/09/2023, 09:00