Որոնել

Լիպիոյ մէջ ողողումներ Լիպիոյ մէջ ողողումներ  (ANSA)

Լիպիոյ մէջ ողողումներու զոհերու թիւը հասած է 11 հազարի, իսկ անհետ կորսուածներունը` 20 հազարի

Ջուրի տակ անցած են բազմաթիւ բնակելի շէնքեր եւ հիւանդանոցներ: Աղէտէն հիմնականին մէջ վնասուած են ծովեզերեայ Տառնա, Ժապալ Ախտար եւ Պենկազի քաղաքները:

Լիպիոյ մէջ ողողումներու զոհերուն թիւը հասած է 11 հազարի, անհետ կորսուածներունը` 20 հազարի: Այս մասին կը հաղորդէ «Արապիա»-ն` յղում կատարելով Լիպիոյ Կարմիր մահիկի տուեալներուն:

Կը հաղորդուի, որ ողողումը ծով տարած է շուրջ 2000 դիակ:

Կազմակերպութեան տուեալներով` Տառնա քաղաքին մէջ ողողումները քաղաքացիական պատերազմէն (2014-2020) ետք քաղաքի արեւելեան հատուածին մէջ մնացած պայթուցիկ զինամթերք տեղափոխած է քաղաքի այլ շրջաններ:

Լիպիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ ողողումի պատճառ դարձած է 10 սեպտեմբերին երկիրը պատուհասած «Տանիէլ» փոթորիկը: Ջուրի տակ անցած են բազմաթիւ բնակելի շէնքեր եւ հիւանդանոցներ: Աղէտէն հիմնականին մէջ վնասուած են ծովեզերեայ Տառնա, Ժապալ Ախտար եւ Պենկազի քաղաքները:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի մարդասիրական հարցերով տեղակալ Մարթին Կրիֆիթ երէկ յայտնեց. «Լիպիոյ մէջ աղէտի տարողութիւնը տակաւին անծանօթ է»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/09/2023, 09:14