Որոնել

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Պուէնոս Այրէսի ՀԲԸՄ «Մարի Մանուկեան» վարժարանի սաները Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Պուէնոս Այրէսի ՀԲԸՄ «Մարի Մանուկեան» վարժարանի սաները 

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Պուէնոս Այրէսի ՀԲԸՄ «Մարի Մանուկեան» վարժարանի սաները

սրտերուն մէջ։ Իր խօսքին մէջ Հայոց Հովուապետը անդրադարձաւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ առկայ դժուարին կացութեան, Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկայնական աղէտին՝ ընդգծելով արցախահայութեան քաջարի եւ աննկուն ոգին, որմով կը դիմագրաւեն առկայ փորձութիւնները։
Ունկնդրէ լուրը

Սեպտեմբեր 15-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Պուէնոս Այրէսի (Արժանթին) Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան «Մարի Մանուկեան» վարժարանի աւարտական լսարանի սաները։

Վեհափառ Հայրապետը, իր հայրական օրհնութիւնը բաշխելով աշակերտներուն, ուրախութեամբ ընդգծեց, որ գեղեցիկ աւանդոյթ դարձած է վարժարանի աւարտական լսարանի սաներուն այցելութիւնը Հայաստան եւ Մայր  Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Այս առիթով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր գնահատանքը բերաւ ՀԲԸՄ-ի պատասխանատուներուն եւ վարժարանի տնօրինութեան նման նախաձեռնութեան համար։

Նորին Սրբութիւնը վստահութիւն յայտնեց, որ Հայաստան այցելութիւնը կը սնանէ ու կը զօրացնէ հայրենասիրութեան այն հունտերը, որոնք վարժարանի մանկավարժները սերմանած են սաներու սրտերուն մէջ։

Իր խօսքին մէջ Հայոց Հովուապետը անդրադարձաւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ առկայ դժուարին կացութեան, Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկայնական աղէտին՝ ընդգծելով արցախահայութեան քաջարի եւ աննկուն ոգին, որմով կը դիմագրաւեն առկայ փորձութիւնները։ Հայոց Հայրապետը կարեւոր համարեց նաեւ Սփիւռքի ազգային կառոյցներուն ջանքերը Արցախին օգնելու եւ հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները յաղթահարելու ուղղութեամբ։

Հանդիպման ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը վերյիշեց Արժանթին կատարած Հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս իր այցը ազգային կառոյցներ եւ կրթական հաստատութիւններ՝ գնահատելով արժանթինահայ գաղութի կազմակերպուածութիւնն ու ազգային արժէքներու նկատմամբ նախանձախնդրութիւնը: Այս առնչութեամբ Նորին Սրբութիւնը յորդորեց ուխտաւոր հայորդիներուն ըլլալ ազգասէր ու եկեղեցանուէր, վառ պահել ազգային գիտակցութիւնն ու ոգին եւ իրենց նպաստը բերել համայնքային կեանքի զօրացման։

Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց սաներու հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման ի նպաստ Հայ Եկեղեցւոյ գործադրած ջանքերուն եւ արցախահայութեան համար իրականացուող մարդասիրական ծրագրերուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/09/2023, 09:00