Որոնել

2023.09.18   Mereati Magar Ashkaryan Selimyan

Հալէպի մէջ. Երեք համայնքապետերու հերթական հանդիպումը

Շաբաթ, 16 Սեպտեմբեր 2023-ին, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի հիւրընկալութեամբ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան հերթական հանդիպում ունեցան Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդարանէն ներս:

Օրերս Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանէն ներս տեղի ունեցած է  երեք համայնքապետերու հերթական հանդիպումը։

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջանորդարանի դիմատետրեան պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Շաբաթ, 16 Սեպտեմբեր 2023-ին, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի հիւրընկալութեամբ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան հերթական հանդիպում ունեցան Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդարանէն ներս:

Եղբայրական ջերմ սիրոյ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին արծարծուեցան սուրիահայ համայնքը յուզող զանազան նիւթեր եւ ներկայիս տիրող դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/09/2023, 08:06