Որոնել

2022.09.06 Chiesa Ascensione in Artsakh - Bertsor

Հոկտեմբեր 1-ը հռչակուած է Արցախի համար համազգային աղօթքի օր

Եկէք բոլորս միաբերան աղերս բարձրացնենք առ Աստուած
Ունկնդրէ լուրը

Հայաստանի եւ Սփիւռքի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յատուկ արարողութիւն եւ աղօթք պիտի հնչէ:

Մայր Աթոռի սրբազան պահոցներէն դուրս պիտի բերուին տարբեր սրբութիւններ, որոնք առաջնորդանիստ ու խոշոր համայնքներ ունեցող եկեղեցիներ պիտի տարուին՝ մարդոց օրհնութիւն, ուժ եւ զօրութիւն փոխանցելու համար:

Ամենայն Հայոց Հայրապետի հանդիսապետութեամբ ՛յատուկ արարողութիւն պիտի կատարուի նաեւ Մայր Աթոռի մէջ:

Կիրակի, 1 Հոկտեմբեր 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Վարագայ Ս. Խաչի տօնին առիթով, Ս. եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցուի, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍին

Ս. Պատարագի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, տեղի պիտի ունենան Արցախի նուիրուած յատուկ աղօթք եւ հոգեհանգստեան կարգ՝ Արցախ հայրենիքին համար նահատակուած հերոս հայորդիներու հոգիներուն համար։

Կոչ կ՚ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն աղօթքի ճամբով զօրավիգ կանգնելու ու նեցուկ ըլլալու արցախահայ մեր հայորդիներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2023, 09:56