Գերմանիա Արցախի մէջ մարդասիրական գործունէութեան համար Կարմիր Խաչին 2 միլիոն եուրօ պիտի յատկացնէ
«Արմէնփրէս»ը այս մասին տեղեկացաւ Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանութենէն
Գերմանիան Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին յաւելեալ 2 միլիոն եուրօ պիտի տրամադրէ՝ Արցախի մէջ մարդասիրական առաքելութեան նախագիծին համար: «Արմէնփրէս»ը այս մասին տեղեկացաւ Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանութենէն:
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակը շատ լարուած է: Գերմանիա յաւելեալ 2 միլիոն եուրօ պիտի յատկացնէ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին՝ տարածաշրջանին մէջ կեանքեր փրկող իր նախագիծին համար: Օգնութեան՝ հիմա տեղ հասնիլը կարեւոր է. անոր համար մենք կը ձգտինք բանալ մարդասիրական հասանելիութիւնը», կը յայտնէ դեսպանատունը իր «Էքս»ի էջին վրայ:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
12/09/2023, 08:00