Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850ամեակը պատշաճ շուքով նշուեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմին մէջ
Չորեքշաբթի, 13 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի նախագահութեամբ, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչական հանդիսաւոր եւ իւրայատուկ ձեռնարկ մը՝ նուիրուած Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետի կեանքին եւ վաստակին, անոր վախճանման 850ամեակին առիթով:
Հանդիսութեան ներկայ եղան սրբազան արքեպիսկոպոսներ, վարդապետներ, քահանայ հայրեր, Ազգային վարչութիւնը, ձեռնարկի հովանաւոր՝ Ազգային վարչութեան փոխատենապետ եւ «Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» հիմնադրամի ներկայացուցիչ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը, հայ համայնքի պատասխանատուներ, արուեստագէտներ, բարեկամներ, բարերարներ եւ մշակութասէր առաւել քան 400 հայորդիներ:
Հրապարակային խորաթափանց դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ առաջնորդին հրաւէրով շրջանս գտնուող Բերիոյ Հայոց թեմի նախկին առաջնորդ, ներկայիս՝ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանի պետ եւ պատասխանատու Շահան արք. Սարգիսեան, որ բացառիկ գրաւչութեամբ մեծանուն հայրապետի տոհմային, պատմական, քաղաքական, ազգային եւ ստեղծագործական էութիւնն ու հանճարը արժեւորեց թէ՛ իր ժամանակին մէջ, թէ՛ մինչեւ մեր օրերը:
Սրբազան հայրը անցնող ինն դարերը այնպէս հմտօրէն կամրջեց իրարու, որ ներկաներուն մտապատկերին մէջ վերականգնեցան շնորհալիական աշխուժ ներկայութիւն եւ ոգի, այլեւ ազգ ու հայ եկեղեցի նորոգութեան հրաւիրող՝ մեծարեալ հայրապետին սխրագործ յորդորները եւ հոգեւոր, ազգային ու համամարդկային անկորնչելի կերպարը, որուն հիմնարար շնորհները աւանդաբար կը շարունակուին Կիլիկիոյ կաթողիկոսներու ընդմէջէն, հասնելով մինչեւ ներկայ գահակալը՝ Արամ Ա. կաթողիկոսը:
Առաջնորդը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ վեր առաւ ականաւոր հայրապետի լուսաստեղծ հոգին, շնորհաւորեց ձեռնարկի գլխաւոր բանախօսին՝ սրբազան հօր ներկայութիւնը Լոս Անճելըս, բարձր գնահատեց հանդիսութեան հովանաւոր եւ ազգային բարերար Մհեր Տէր Յովհաննէսեանը եւ անոր զաւակները, որոնք իրենց սիրելի տիկնոջ ու քաղցր մօր՝ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի յիշատակը վառ կը պահեն Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ դրուատեց ձեռնարկը կազմակերպած Ազգային առաջնորդարանի անձնակազմն ու գեղարուեստական յայտագիրի պատասխանատու եւ ղեկավար՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ թենոր Պերճ Քիրազեանը, որ արուեստագէտ սարկաւագներու եւ դպիրներու փոքրաթիւ խումբով մը (Սուրէն Հազարեան, Յովհաննէս Պալեան, Թուխման Խաչատուրեան եւ Վահագն Հովենց) ու իր մասնակցութեամբ շնորհաշատ հայրապետին ստեղծագործական հոգեւոր եւ ազգային աւանդէն երգերու շքեղ փունջ մը ներկայացուց՝ եթերային վայելքի անապական գետ մը հոսեցնելով՝ դարաւոր Հայ Եկեղեցւոյ գաղտնագաղտ ուղխերէն դէպի հայրենիք, Կիլիկեան ափունք ու համայն հայութիւն, երգեհոնի վրայ նուագակցութեամբ դաշնակահարուհի Արմինէ Տէրտէրեանի:
Հուսկ, առաջնորդը արքեպիսկոպոսները եւ վարդապետները հրաւիրեց եկեղեցւոյ դասը՝ առաջնորդելու «Կիլիկիա» մաղթերգը: Երգեցիկ խումբը եւ յոտնկայս ներկաները Տէրտէրեանի նուագակցութեամբ միացան հոգեւոր հայրերու երգեցողութեան, մինչ առաջնորդ սրբազանը Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը հրաւիրեց արտասանելու փակման աղօթքը. ան «Պահպանիչ»ով փակեց հանդիսութիւնը, որ իր տեսակին մէջ եզակի ու մարգարտահիւս՝ Շնորհալի հայրապետի պանծալի յիշատակը անմահացուց ներկաներուն ու առցանց ձեռնարկին հետեւող բազմահազար հայերու հոգիներուն մէջ:
Յայտնենք, որ ձեռնարկին բացման խօսքը եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց Ազգային առաջնորդարանի «Կիլիկիա» պաշտօնաթերթի խմբագիր Սեդա Գրիգորեան:
Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով Պերճ Քիրազեան ներկաները դիւթեց շնորհալիական երաժշտական հանճարէն «Ճանապարհ», «Բազմութիւնք» եւ «Նոր Ծաղիկ» հոգեւոր երգերու մեկնաբանութեամբ, ապա յետ բանախօսութեան տեղի ունեցած երգեցիկ խումբի հոգեթով ելոյթէն ետք ան շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր, Ազգային առաջնորդարանին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան, հովանաւոր հիմնադրամին, երգի եւ նուագի վարպետներուն՝ Հայ եկեղեցւոյ մեծանուն Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետի վախճանման 850ամեակին նուիրուած նման բարձրամակարդակ ձեռնարկի մը կազմակերպման համար եւ առաջնորդը նկատեց՝ վերջին տարիներուն Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմին մէջ գեղարուեստական բարձրաթռիչ եւ հոգեցունց համերգ-ելոյթներու վերածաղկման ու բարձրորակ մատուցման գրաւականը:
Նշենք, որ այս առիթով Ազգային առաջնորդարանը վերահրատարակեց Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով Խոստովանիմ»ը (գրաբար եւ անգլերէն), որմէ նաեւ օրինակներ բաժնուեցան եկեղեցին լեցուցած հանդիսականներուն:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ