Որոնել

An explosion of the petrol warehouse near the Stepanakert, Nagorno-Karabakh

Արցախի մէջ պայթումին պատճառով ծանրօրէն վիրաւորուածները ուղղաթիռներով տեղափոխուեցան Հայաստան

26 Սեպտեմբերին, օդային ճամբով Հայաստանի տարբեր հիւանդանոցներ տեղափոխուեցան պայթումին պատճառով ծանր եւ ծայրայեղ ծանր վիճակ ունեցող հիւանդները։

Ստեփանակերտ-Ասկերան մայրուղիի յարակից տարածքին պենզինի պահեստին մէջ պատահած պայթումին պատճառները տակաւին չեն յստակացած։ Ըստ Արցախի նախագահի խորհրդական Դաւիթ Բաբայեանի՝ հաւանաբար պատահածը անփութութիւն էր։

26 Սեպտեմբերին, օդային ճամբով Հայաստանի տարբեր հիւանդանոցներ տեղափոխուեցան պայթումին պատճառով ծանր եւ ծայրայեղ ծանր վիճակ ունեցող հիւանդները։

Այս մասին տեղեկացուց Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւնը՝ աւելցնելով, որ 4 թռիչքներ կատարուած են այս նպատակով՝ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան աշխատակիցներու եւ ռուս խաղաղապահներու ընկերակցութեամբ։

Ուղղաթիռով Հայաստանէն Ստեփանակերտ տեղափոխուած բժիշկներու խումբը անհրաժեշտ դեղորայքով եւ բժշկական պարագաներով այցելեց Արցախի հիւանդանոցներ եւ օգնեց տեղւոյն բժիշկներուն։

Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանեսեան նոյն օրը այցելեց Ստեփանակերտէն Հայաստանի «Այրուածքաբանութեան եւ մաշկաբանութեան ազգային կեդրոն»ը բերուած հիւանդներուն:

Ան ըսաւ, որ արդէն Հայաստան տեղափոխուած են 23 տուժածներ։ «Պայթիւնից տուժածների տեղափոխումը անընդհատ, հերթափոխով եւ հնարաւորինս արագ շարունակուելու է:  Մեր նպատակն է բոլոր տուժածներին եւ վիրաւորներին արագ տեղափոխել Հայաստան: Մինչեւ երեկոյ ամբողջ կարողութիւններով փորձելու ենք հնարաւորինս արագ տեղափոխել մարդկանց», ըսաւ Աւանեսեան։

Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը հաղորդեց, որ պայթումին պատճառով մահացած են 68 անձեր։ 

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2023, 07:03