Որոնել

Եւրոպական խորհդարանը Եւրոպական խորհդարանը 

Եւրոպական խորհրդարանը մարդու իրաւունքներու խախտումներու համար Ատրպէյճանի դէմ բանաձեւ մը ընդունեց

Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւին մէջ կ՛ըսուի, որ Իպատողլու դաժան յարձակման ենթարկուեցաւ եւ կամայականօրէն ձերբակալուեցաւ այս տարուան 23 Յուլիսին եւ կասկածելի մեղադրանքներով տակաւին կը մնայ բանտը: Ան յայտնի է Ատրպէյճանի կառավարութեան խիստ քննադատութեամբ՝ փտածութեան, հանրային ֆինանսներու անարդիւնաւէտ կառավարման եւ թափանցիկութեան բացակայութեան:
Ունկնդրէ լուրը

Եւրոպական խորհրդարանին մէջ ընդունուեցաւ բանաձեւ մը՝ պահանջելով ազատ արձակել Ատրպէյճանի մէջ անօրինական կերպով ձերբակալուած յայտնի ընդդիմադիր գործիչ Կուպատ Իպատողլուն, դատապարտել Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու լուրջ խախտումները, ինչպէս նաեւ պատժամիջոցներ սահմանել մարդու իրաւունքներու խախտումներ կատարած ատրպէյճանցի պաշտօնեաներուն նկատմամբ:

Բանաձեւը որդեգրուեցաւ 539 թեր, 6 դէմ եւ 24 ձեռնպահ ձայներով:

Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւին մէջ կ՛ըսուի, որ Իպատողլու դաժան յարձակման ենթարկուեցաւ եւ կամայականօրէն ձերբակալուեցաւ այս տարուան 23 Յուլիսին եւ կասկածելի մեղադրանքներով տակաւին կը մնայ բանտը: Ան յայտնի է Ատրպէյճանի կառավարութեան խիստ քննադատութեամբ՝ փտածութեան, հանրային ֆինանսներու անարդիւնաւէտ կառավարման եւ թափանցիկութեան բացակայութեան:

Ըստ բանաձեւին՝ անոր կը սպառնայ 12 տարուան բանտարկութիւն «շինծու մեղադրանքներով»:

Ատրպէյճանի մէջ, ըստ Եւրոպական խորհրդարան ներկայացուած բանաձեւին, ներկայիս կան շուրջ 200 քաղաքական բանտարկեալներ, որոնց կարգին լրագրողներ, իրաւապաշտպաններ եւ ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներ:

Բանաձեւով կոչ կ՛ուղղուի՝ Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներու դէպքերը բարձրաձայնել բոլոր երկկողմանի հանդիպումներու եւ ապագայ գործընկերութեան համաձայնագիրներ կնքելու շուրջ բանակցութիւններուն ժամանակ: Կը նշուի, որ այդ համաձայնագիրներու կնքման պայման պէտք է հանդիսանայ բոլոր քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/09/2023, 08:49