Որոնել

Եւրոպական խորհրդարան Եւրոպական խորհրդարան 

Եւրոպա կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանին՝ դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ճոզեփ Պորելի յայտարարութեան մէջ կը դատապարտուի շփման գիծի երկայնքին եւ Արցախի այլ վայրերու մէջ զինուորական մագլցումը։

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է, որ Ատրպէյճանի զինուորական գործողութիւնները պէտք է անմիջապէս դադրեցուին՝ նշելով, որ յուսահատեցնող լուրեր կը ստացուին «Լեռնային Ղարաբաղի նախկին մարզէն»։ Ան զինուորական յարձակումի դադրեցումը նկատեց անհրաժեշտ, որպէսզի «Պաքուի եւ Ղարաբաղի հայերուն միջեւ իրական երկխօսութիւն սկսի»։

Նախքան այդ, Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար եւս յայտարարած էր, որ «ռազմական գործողութիւնները պէտք է անմիջապէս դադրեցուին, որպէսզի կարելի դառնայ Պաքուի եւ Ղարաբաղի հայերուն միջեւ իրական երկխօսութեան սկսիլ»։

«Ականներու պայթումներէն ատրպէյճանցիներու մահուան դէպքերու մասին ողբերգական լուրեր կը ստացուին։ Սակայն, ընթացող զինուորական գործողութիւնները միայն պիտի վատթարացնեն կացութիւնը։ Անհրաժեշտ է անյապաղ զինադադար հաստատել՝ իբրեւ Պաքուի եւ Ղարաբաղի հայերու միջեւ իրական երկխօսութիւն սկսելու միակ ուղի», կ՛ըսէ Քլաար։

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ճոզեփ Պորելի յայտարարութեան մէջ կը դատապարտուի շփման գիծի երկայնքին եւ Արցախի այլ վայրերու մէջ զինուորական մագլցումը։ «Մենք բռնութիւնները եւ Ատրպէյճանի կողմէ ներկայ զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու կոչ կ՛ուղղենք։ Պաքուի եւ Ղարաբաղի հայերուն միջեւ երկխօսութեան վերադառնալու հրատապ անհրաժեշտութիւն կայ։ Այս զինուորական մագլցումը պիտի օգտագործուի տեղւոյն բնակչութիւնը արտագաղթի ստիպելու իբրեւ պատրուակ։ Բռնութիւնը պէտք է դադրեցուի՝ խաղաղութեան եւ կարգաւորման բանակցութիւններու համար բարենպաստ միջավայր ստեղծելու համար։ Համաձայնեցուած արդիւնքներու հասնիլը կը պահանջէ բոլոր կողմերուն անկեղծ յանձնառութիւնը։ Եւրոպական Միութիւնը բոլորովին հաւատարիմ կը մնայ երկխօսութեան դիւրացման օժանդակելու», կ՛ըսուի Պորելի յայտարարութեան մէջ։

Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախագահ Թայնի Քոքս իր կարգին խստօրէն դատապարտեց Ատրպէյճանի գործած յարձակումը` կոչ ուղղելով անյապաղ դադրեցնելու կրակը: «Խորապէս ցնցուած եմ այսօր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նոր ռազմական գործողութիւններու սկսելու Ատրպէյճանի կառավարութեան որոշումէն։ Ժամերու ընթացքին անիկա պատճառ դարձաւ քաղաքայիններու շարքերուն մէջ վիրաւորներու եւ զոհերու», նշեց Քոքս։ 

Քոքս դիտել կու տայ, որ ամիսներէ ի վեր ականատես են  եւ մնայուն կերպով կոչ կ՛ուղղեն՝ վերջ տալու տարածաշրջանին մէջ Լաչինի միջանցքի շրջափակման պատճառով մարդասիրական իրավիճակի արագ վատթարացման։

Ան Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակումը լուրջ հարուած նկատեց Հարաւային Կովկասի մէջ մնայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու հեռանկարներուն: «Ակնյայտ է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը կրնայ լուծուիլ միայն խաղաղ ուղիով` երկխօսութեան եւ բարի կամքի ազդանշաններու միջոցով, կիրարկելի միջազգային իրաւունքի հիման վրայ` յարգելով այնտեղ ապրող իւրաքանչիւրին իրաւունքները», կ՛եզրակացնէ Քոքս։

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/09/2023, 08:45