Որոնել

2023.09.09 Nuovo presidente dell'Arstakh Samuel Shahramanian

Արցախը նոր նախագահ ունի` Սամուէլ Շահրամանեանը

Ըստ Արցախի Սահմանադրութեան՝ նախագահը խորհրդարանէն ներս կ'ընտրուի պատգամաւորներու 2/3 ձայներով։ Առաջին փուլով նախագահ չընտրելու պարագային ամենաշատ ձայները հաւաքած երկու թեկնածուները կ'անցնին երկրորդ փուլ. այս պարագային արդէն ընտրութիւնը կ'ըլլայ ձայներու պարզ մեծամասնութեամբ:
Ունկնդրէ լուրը

Սեպտեմբեր 9-ին Արցախի Ազգային ժողովը նախագահ ընտրեց պետնախարար Սամուէլ Շահրամանեանը։ Ամփոփելով փակ գաղտնի քուէարկութեան արդիւնքները՝ Արցախի ԱԺ հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ Էտուարտ Աղաբեկեանը յայտնեց՝ միակ թեկնածուի օգտին կողմ քուէարկած է 22 պատգամաւոր, դէմ՝ 1, անվաւեր ճանչցուած է 0 քուէաթերթիկ։

Արցախի նախագահի պաշտօնին առաջադրուած միակ թեկնածուն պետնախարար Սամուէլ Շահրամանեանն էր։ Արցախի խորհրդարանի «Միասնական հայրենիք» խմբակցութեան կողմէ Սամուէլ Բաբայեանը Արցախի նախագահի թեկնածու առաջադրելու դիմումը վերադարձուած է՝ վերջին տասը տարիներուն Արցախի մէջ մշտապէս բնակելու տեղեկանքը չներկայացնելու պատճառով։

Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը օգոստոս 31-ին յայտարարած էր հրաժարական տալու մասին, սեպտեմբեր 1-ին ան հրաժարականի դիմումը ներկայացուցած էր ԱԺ։ Մինչ հրաժարականը Արայիկ Յարութիւնեանը Գուրգէն Ներսիսեանը ազատած էր Արցախի պետնախարարի պաշտօնէն եւ այդ պաշտօնին նշանակած էր անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Շահրամանեանը:

Ըստ Արցախի Սահմանադրութեան՝ նախագահը խորհրդարանէն ներս կ'ընտրուի պատգամաւորներու 2/3 ձայներով։ Առաջին փուլով նախագահ չընտրելու պարագային ամենաշատ ձայները հաւաքած երկու թեկնածուները կ'անցնին երկրորդ փուլ. այս պարագային արդէն ընտրութիւնը կ'ըլլայ ձայներու պարզ մեծամասնութեամբ:

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2023, 11:46