Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խստօրէն կը դատապարտէ ազրպէյճանի որդեգրած քաղաքականութիւնը
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը յայտարարութեամբ կը դատապարտէ ազրպէյճանի որդեգրած քաղաքականութիւնը՝ ուղղուած ոչնչացնելու Արցախի հայկական կրօնական եւ մշակութային ժառանգութիւնը։
Յայտարարութեան մէջ նշուած է՝
«Այսօր, Սեպտեմբեր 27-ին, «X» հասարակական կայքի վրայ տարածուած է տեսանիւթ, ուր երկու ազրպէյճանցի զինուոր կը կրակեն 13-րդ դարուն կառուցուած Չարեքթարի վանքին վրայ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խստօրէն կը դատապարտէ ազրպէյճանի որդեգրած քաղաքականութիւնը՝ ուղղուած ոչնչացնելու Արցախի հայկական կրօնական եւ մշակութային ժառանգութիւնը։ Այս եւ նմանատիպ այլ գործողութիւններ ցոյց կու տան, որ ազրպէյճանը ամէն կերպ պիտի շարունակէ իր որդեգրած քաղաքականութիւնը՝ ոչնչացնելու եւ վերացնելու Արցախի հայկական ինքնութիւնը։
Այս ծիրէն ներս ալ աւելի անիրատեսական կը դառնան Արցախի մէջ հայերու եւ ազրպէյճանցիներու խաղաղ համակեցութեան մասին խօսակցութիւնները։ Մենք մշակութային ժառանգութեան պահպանմամբ զբաղող բոլոր միջազգային կառոյցներուն ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք կատարուածին վրայ եւ կը պահանջենք, որ պատշաճ արձագանգ եւ գնահատական տրուի կատարուածին՝ կանխելու համար յետագայ նմանատիպ մշակութակործան դէպքերը»։
Աղբիւրը` Եռագոյն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ