Որոնել

Russian peacekeepers evacuate civilians from 'most dangerous areas' of Nagorno-Karabakh

Արցախի մէջ հրադադար ժամը 13:00-էն

«Դժբախտաբար, կորուստներ եւ վիրաւորներ ունի նաեւ արցախեան կողմը, իսկ որոշ հատուածներում թշնամուն յաջողուել է մխրճուել ՊԲ մարտական դիրքեր, տիրանալ մի շարք բարձունքների եւ ռազմավարական ճանապարհային հանգոյցների»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է այսօր՝ 13:00-էն, ռազմական գործողութիւններու ամբողջական դադրեցման մասին։

Արցախի նախագահի աշխատակազմը հաղորդագրութիւն տարածած է, որ Արցախի իշխանութիւնները ընդունած են ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան առաջարկութիւնը կրակի դադրեցման վերաբերեալ։

«Դժբախտաբար, կորուստներ եւ վիրաւորներ ունի նաեւ արցախեան կողմը, իսկ որոշ հատուածներում թշնամուն յաջողուել է մխրճուել ՊԲ մարտական դիրքեր, տիրանալ մի շարք բարձունքների եւ ռազմավարական ճանապարհային հանգոյցների»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Կողմերը պայմանաւորուած են Հայաստանի զինուած ուժերու մնացած ստորաբաժանումներու եւ զինծառայողներու դուրսբերման եւ Լեռնային Ղարաբաղի զինուած կազմաւորումներու լուծարման ու ամբողջական զինաթափման մասին։

Ատրպէյճանի բարձրացուցած հարցերը վերահամարկման, Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ բնակչութեան կենսական ապահովման մասին՝ Ատրպէյճանի Սահմանադրութեան շրջածիրէն ներս, պիտի քննարկուին տեղի հայ բնակչութեան եւ Ատրպէյճանի կեդրոնական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու հանդիպման, որը տեղի պիտի ունենայ Եվլախ քաղաքին մէջ, վաղը։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/09/2023, 12:33