Որոնել

Ոստիկան Ոստիկան 

Ատրպէյճանցիները սկսած են Արցախցի զինուորականներու ձերբակալութիւններուն

29 Սեպտեմբերին, պաշտօնապէս հաստատուեցաւ, որ Լաչինի միջանցքին մէջ ձերբակալուած է 2015էն 2018, Արցախի պաշտպանութեան նախարար, Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը, որ տեղափոխուեցաւ Պաքու։

Արցախի դէմ 19 Սեպտեմբերի ռազմական գործողութիւններէն ճիշդ տասը օր ետք, ատրպէյճանցիները սկսան Արցախի մէջ զինուորականներու ձերբակալութիւններուն:

29 Սեպտեմբերին, պաշտօնապէս հաստատուեցաւ, որ Լաչինի միջանցքին մէջ ձերբակալուած է 2015էն 2018, Արցախի պաշտպանութեան նախարար, Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը, որ տեղափոխուեցաւ Պաքու։

Աւելի ուշ յայտնի դարձաւ, որ ատրպէյճանցիները նոյն օրը 4 ամիսով բանտարկեցին նաեւ պաշտպանութեան բանակի նախկին փոխհրամանատար, զօրավար Դաւիթ Մանուկեանը` զայն մեղադրելով Ղարաբաղի մէջ ահաբեկչական գործողութիւն կատարելու մէջ: Դաւիթ Մանուկեան դաշնակցական Գեղամ Մանուկեանի եղբայրն է, որ «Ազատութեան» հետ զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց լուրը՝ նշելով, որ եղբայրը 2021էն դադրած է զինուորական ծառայութենէն` անցնելով թոշակի: Թէ ո՛ւր եւ ի՛նչ հանգամանքներու մէջ ձերբակալուեցաւ Դաւիթ Մանուկեան, յստակ չէ: Ատրպէյճանի ազգային ապահովութեան ծառայութիւնը տեղեկացուց, որ Հայաստանի քաղաքացի Դաւիթ Մանուկեան ձերբակալուեցաւ 2 օր առաջ` 27 Սեպտեմբերին:  

Մինչեւ բարձաստիճան զինուորականներու ձերբակալութիւնները Արցախի իշխանական շրջանակներէն «Ազատութեան» յայտնեցին, որ նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան ատրպէյճանական կողմին հետ բանակցութիւններ կը վարէ` երկրի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը Արցախէն ապահով դուրս բերելու համար:

Արցախցի պաշտօնեայ մը, որ չուզեց բացայայտնել իր անունը, «Ազատութեան» փոխանցեց, որ ձերբակալութեան վտանգի տակ են նաեւ Արցախի երեք նախկին նախագահները` Բակօ Սահակեան, Արկադի Ղուկասեան, Արայիկ Յարութիւնեան, արտաքին գործոց նախկին նախարար եւ Արցախի նախագահի խորհրդական Դաւիթ Բաբայեան:

Բացի այդ, ըստ «Ռոյթըրզ»ի աղբիւրներուն՝ Ատրպէյճան ունի ցանկ մօտ երկու հարիւր հայերու, զորոս կ՛ուզէ ձերբակալել տարբեր յօդուածներով:

Դաւիթ Բաբայեան 28 Սեպտեմբերի առաւօտեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրեց, որ ինք ընդգրկուած է Ատրպէյճանի սեւ ցանկին վրայ, եւ որ ատրպէյճանցիները իրմէ պահանջած են երթալ Պաքու՝ համապատասխան հետաքննութեան համար: «Որոշեցի այսօր Ստեփանակերտից մեկնել Շուշի», գրած է Դաւիթ Բաբայեան: Ցարդ յայտնի չէ անոր գտնուած վայրը։

Արցախի նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան կ՛ենթադրէ, որ Բաբայեան ձերբակալուած է: «Դաւիթ Բաբայեանին զանգահարեցի երէկ երեկոյեան, հասանելի չէր, այսինքն` ենթադրում եմ, որ հաւանաբար, այո՛, ձերբակալուած է»։

«Պէտք է փրկենք, այսինքն` ես կարող եմ զուտ ենթադրել, մի քանի վարկած կայ` Ադրբեջանի իշխանութիւնները կարող են նրանց երկարաժամկէտ բանտարկել, որպէսզի վախեցնեն քաղաքական պայքար մղողներին Արցախի ժողովրդի իրաւունքների համար, երկրորդ տարբերակն այն է, որ միջազգային ճնշման ներքոյ կարող են որոշ ժամանակից յետոյ «համաներման» քօղի ներքոյ ազատել իրենց, բայց որոշակի խոշտանգումներից եւ հոգեբանական, ֆիզիքական բռնաճնշումներից յետոյ: Ես չեմ բացառում, որ նրանք կարող են սպաննուել բանտերում», ըսաւ Բեգլարեան։

Յիշեցնենք, որ աւելի կանուխ, Լաչինի մինջանցքին մէջ, ատրպէյճանցիները ձերբակալած էին Ռուբէն Վարդանեանը:

Ատրպէյճան 19 Սեպտեմբերի ռազմական յարձակումէն ետք յայտարարեց, թէ զէնքերը վար դնելու պարագաիյն պիտի սերտէ զինուորականներու նկատմամբ համաներում կիրարկելու կարելիութիւնը:

Ինչո՞ւ կարելի չեղաւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ համաձայնիլ ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ապահով դուրս բերելու հարցին շուրջ՝ Արտակ Բեգլարեան պատասխանեց, որ Արցախի իշխանութիւններու ձեռքին գրեթէ լծակ չէ մնացած, եւ եթէ չըլլար միջազգային բաւարար ճնշում` ինչպէս կարելի է անոնց հետ պայմանաւորուիլ:

Ըստ անոր՝ ներկայ դրութեամբ ձերբակալութեան վտանգին տակ են Արցախի բոլոր յայտնի գործիչները, նաեւ՝ ինք: «Ես իմ վայրը չեմ բացայայտում, պատշաճ ժամանակ երբ լինի, այդ ժամանակ ես կը բացայայտեմ եւ նաեւ կը բացատրեմ` ինչու այսքան ժամանակ ես լռել եմ իմ վայրի մասին», ըսաւ Բեգլարեան։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ տեղեկութիւններ ունի՞ նախկին նախագահներուն վիճակին մասին՝ Բեգլարեան ըսաւ. «Որքան տեղեակ եմ, նախկին նախագահներից ոչ ոք ձերբակալուած չէ դեռ»:

 Արձագանգելով այն դիտարկման, որ եթէ ատրպէյճանցիները արդէն մուտք գործած են Ստեփանակերտ, ամէն պահու կրնան նախկին նախագահները ձերբակալել՝ Բեգլարեանը ըսաւ, թէ այդ վտանգը կայ, բայց նախ պէտք է նախագահները գտնեն: «Միգուցէ, նրանք տարբեր տեղերում թաքնուած են, իրենց տներում նստած չեն սպասում, միգուցէ Ստեփանակերտում չեն թաքնուած, Ստեփանակերտում 10 հազարից աւելի բնակարան կայ, էդքան հեշտ չէ մարդ գտնել», ըսաւ ան:

Յստակ չէ, թէ ի՛նչ իրավիճակ կը տիրէ Ստեփանակերտի մէջ, քանի՛ մարդ մնացած է, ո՛վ կը զբաղի անոնց կարիքներով: «Արցախի Հանրապետութեան լուծարման մասին» յայտարարութենէն շուրջ օր մը ետք, ատրպէյճանական լրատուամիջոցները հրապարակեցին Ստեփանակերտէն տեսերիզներ` տեղեկացնելով, որ փողոցներուն մէջ այլեւս ատրպէյճանական ոստիկանութիւնը հերթապահութիւն կը կատարէ:

Տարածուած տեսերիզերուն մէջ կ՛երեւին քաղաքի դատարկուած փողոցները եւ Արցախի խորհրդանիշ Տատիկ-պապիկի արձանը: Ըստ Արտակ Բեգլարեանի՝ ո՛չ միայն ատրպէյճանական ոստիկանութիւնը, այլ նաեւ ազգային ապահովութեան ծառայութիւնը մտած է Արցախի զանազան շրջաններ, եւ «իշխանութեան ընդունում-յանձնում»ին սկսած է:

«Մի քանի օրից Արցախում, կարելի է ասել, ամբողջապէս լինելու է ադրբեջանական օկուպացիոն (գրաւող) իշխանութիւն», ըսաւ ան։

Ատրպէյճան ՄԱԿի համապատասխան կառոյցները հրաւիրեց այցելելու Ղարաբաղ: Այս մասին յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ, որ մեղադրեց Հայաստանը՝ տարիներ շարունակ միջազգային առաքելութիւններու մուտքը դէպի «Ատրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներ թոյլ չտալու, թոյլ տալու պարագային ալ անոր արդիւնքները անտեսելու կամ խեղաթիւրելու» մէջ:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/09/2023, 07:58