Որոնել

Ասիոյ եկեղեցիներու խորհուրդը Ասիոյ եկեղեցիներու խորհուրդը 

Ասիոյ եկեղեցիներու խորհուրդը կոչ կ՚ուղղէ Արցախի անյապաղ ապաշրջափակման

Հետեւելով Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (ԵՀԽ), Եւրոպայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (ԵԵԽ) եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (ՄԱԵԽ) կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն, Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդը եւս շեշտեց Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին հրամայականը:
Ունկնդրէ լուրը

Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդը (ԱԵԽ) վերջերս պաշտօնական յայտարարութիւն մը կատարելով՝ կոչ ուղղեց կարելի փութով Արցախի ապաշրջափակման՝ զայն նկատելով մարդկային մեծ աղէտ, որ անընդունելի է թէ՛ բարոյական, թէ՛ օրինական եւ թէ միջազգային օրէնքի իմաստով: Հետեւելով Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (ԵՀԽ), Եւրոպայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (ԵԵԽ) եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (ՄԱԵԽ) կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն, Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդը եւս շեշտեց Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին հրամայականը:

Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Իրանի երեք թեմերը անդամ են Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդին, որ կը ներառէ Ասիոյ զանազան եկեղեցիներու անդամակցութիւնը: Թեհրանի Հայոց Թեմի առաջնոդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանը անդամ է Խորհուրդի գործադիր վարչութեան:

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսը մօտէն ծանօթ է Խորհուդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Մաթիու Ճորճ Չունաքարային եւ մնայուն կապի մէջ է անոր հետ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/09/2023, 08:49