Որոնել

Արցախ կ՝ենթարկուի յարձակումի Արցախ կ՝ենթարկուի յարձակումի   (ANSA)

ԱՐՑԱԽ Կ՛ԵՆԹԱՐԿՈՒԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ. Կան 27 զոհեր եւ առաւել քան 200 վիրաւորներ Ատրպէյճանի շարունակուող լայնտարած յարձակումին պատճառաւ

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ Արցախի ցեղային զտումները` բռնի ուժով ստիպելով 120 հազար բնակչութեան հեռանալու իրենց տուներէն։

19 Սեպտեմբերի կէսօրին, Ատրպէյճանի բանակը սկսաւ ռմբակոծել Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտը՝ մեծ իրարանցում ստեղծելով քաղաքին մէջ: Աւելի ուշ, սկսան ռումբեր տեղալ նաեւ գիւղերուն վրայ։   

Արցախի պետական նախկին նախարար Ռուբէն Վարդանեան եղաւ առաջին արձագանգողներէն՝ «Թելեկրամ»ի իր էջին վրայ գրելով, որ Ստեփանակերտի մէջ կը լսուին հրետանիի ձայներ, կ՛արձակուին կրակոցներ, եւ մայրաքաղաքը կը ռմբակոծուի։

«Պատերազմ է: Աւելի ահաւոր պատերազմ քան` Սեպտեբերի 27ին։ Երեխեքս դպրոցում են: Մօտ կէս ժամ է` կրակում են: Գնդակոծում են: Կապ չկայ, չենք կարողանում կապի դուրս գալ: Բոլորը երեխեքին կորցրել ենք, աւտոմեքենաներ չկան, որ գնանք վերցնենք դպրոցից», գրութեամբ մը յայտնեց Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Մետաքսէ Յակոբեան ։

«Էքս»ի իր էջին վրայ Արցախի նախագահի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան կը յայտնէ, որ Ալիեւի ցեղասպան վարչակարգը տեւական սովէն ետք սկսաւ արցախցիներու ցեղասպանութեան արիւնալի փուլը:

«Սրանք են ձեր իրաւունքների ու անվտանգութեան երաշխիքները, Ռուսաստան, ԱՄՆ, ԵՄ: #Stop ArmenianGenocide2023», կ՛ըսէ ան։

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց, որ շուրջ ժամը 1ին, Արցախի հետ շփման գիծի ամբողջ երկայնքով Ատրպէյճան խախտեց զինադադարը` հասցնելով հրթիռահրետանային հարուածներ՝ աւելցնելով, որ հրթիռահրետանային նախապատրաստութեամբ Ատրպէյճան կը փորձէ յառաջանալ Արցախի սահմաններէն ներս,  «իւրային զօրքերը ցուցաբերում են եամառ դիմադրութիւն»։

Բնակիչները արդէն սկսան տեղեկութիւն հաղորդել այն մասին, որ քաղաքը կ՛ենթարկուի ռմբակոծման, եւ իրենք կը փորձեն իրենց զաւակները բերել դպրոցէն ու ապաստանարաններ իջնել։

Որոշ ժամանակի համար անջատուեցան հեռաձայնային եւ համացանցային կապերը։ Հնչեցին ազդանշանները, որպէսզի մարդիկ ապահով վայրեր փոխադրուին։

Նախագահին գլխաւորութեամբ գումարուած Անվտանգութեան խորհուրդի նիստէն ետք, հաղորդագրութիւն մը տարածեց նաեւ Արցախի նախագահի աշխատակազմը՝ շեշտելով, որ Ատրպէյճանի գործողութիւնները ցեղային զտման եւ ցեղասպան քաղաքականութեան յստակ դրսեւորում են, եւ զայն իրականացնելով՝ Պաքու կը շահարկէ մարդասիրական միջանցքի եւ մարդասիրութեան այլ կեղծ օրակարգեր:

«Հերթական անգամ խախտելով 2020 թ. Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութիւնը` Ադրբեջանը Սեպտեմբերի 19ին լայնամասշտաբ ռազմական գործողութիւններ է սկսել Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ` թիրախաւորելով նաեւ քաղաքացիական օբյեկտներն (կառոյցներ) ու խաղաղ բնակչութեանը, ինչի հետեւանքով կան զոհեր եւ վիրաւորներ, այդ թւում` կանայք, տարեցներ եւ երեխաներ», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ։

Նախագահի աշխատակազմը նաեւ դիտել տուաւ, որ՝ նկատի ունենալով հազարաւոր մարդոց կեանքին եւ առողջութեան սպառնացող վտանգը` պաշտօնական Ստեփանակերտը կոչ կ՛ուղղէ միջազգային դերակատարներուն եւ շահագրգիռ բոլոր կողմերուն՝ անյապաղ ձեռնարկելու անհրաժեշտ բոլոր միջոցներուն` Արցախի նկատմամբ յարձակումը դադրեցնելու ուղղութեամբ:

«Արցախի Հանրապետութիւնը մշտապէս եղել է խաղաղ կարգաւորման կողմնակից եւ վերահաստատում է իր պատրաստակամութիւնը` բոլոր հարցերի լուծումը տալ բանակցութիւնների միջոցով», կը յայտնէ Արցախի նախագահին աշխատակազմը։

Արցախի տեղեկատուական շտապը հաղորդեց, որ ղարաբաղեան կողմը «դիմում է ադրբեջանական կողմին` անյապաղ դադարեցնել կրակը եւ ստեղծուած իրավիճակը հանգուցալուծելու նպատակով նստել բանակցութիւնների սեղանի շուրջ»:

Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութիւնը աւելի ուշ հաղորդեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ սկսած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն պատճառաւ Արցախի «Հանրապետական բժշկական կենտրոն»ին մէջ կան 128 վիրաւորներ, նախնական տուեալներով `անոնցմէ 15ը քաղաքացիներ են: Արձանագրուած են 5 մահեր: Վիրաւորներու մէջ կան 12 մանուկներ, որոնցմէ երեքին վիճակը ծանր է։

Ժամը 9ի դրությամբ՝ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը հաղորդեց, որ Արցախի մէջ կան 138 վիրաւորներ, որոնցմէ 29ը՝ քաղաքացիներ,112ը՝ Ստեփանակերտի հիւանդանոցին, 11 մանուկներ՝ մանկական բժշկական կեդրոնին, իսկ 15ը՝ Մարտակերտի շրջանային հիւանդանոցին մէջ։

Յետմիջօրէին Արտակ Բեգլարեան տեղեկացուց, որ 15 վայրկեանի ընթացքին Ստեփանակերտի մէջ տասնեակ պայթումներ լսուեցան։ «Ռազմական գործողութիւնները շարունակւում են, եւ Արցախի պաշտպաններն ամէն ինչ անում են արիւնալի ցեղասպանութիւնը կանխելու համար», կը գրէ ան՝ աւելցնելով, որ Արցախի վեց շրջաններէ՝ Խրամորթ, Խնապատ, Սառնաղբիւր, Նախիջեւանիկ, Մաճկալաշէն, Ճանկաթաղ բնակչութիւնը տարհանուեցաւ։ 

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ Արցախի ցեղային զտումները` բռնի ուժով ստիպելով 120 հազար բնակչութեան հեռանալու իրենց տուներէն։

Արցախի արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Ղազարեան «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է հետեւեալը. «Ականատեսն ենք, թէ ինչպէս է Ադրբեջանն իր ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնն իրականացնելու համար շարժւում դէպի խաղաղ բնակչութեան ֆիզիքական ոչնչացման, Արցախի քաղաքացիական օբյեկտների վերացման»:

Ան նաեւ կատարեց հետեւեալ մեկնաբանութիւնը. «Վերջին շրջանում ամէնօրեայ ռեժիմով (դրութեամբ) ադրբեջանական կողմը իրականացրել է բանակային տեղաշարժեր եւ տարբեր զինատեսակների կուտակումներ, որոնք ուղեկցուել են ինտեսիւ (սաստիկ) տեղեկատուական-քարոզչական աշխատանքներով` հող նախապատրաստելով Արցախի դէմ լայնածաւալ ագրեսիայի (յարձակումի) համար: Արցախեան կողմը շարունակաբար բոլոր դերակատարներին նախազգուշացրել է 2020 թ. պատերազմից յետոյ Ադրբեջանի կողմից աննախադէպ ռազմական ուժի կուտակումների անհերքելի փաստի եւ հնարաւոր սադրանքների մասին, այդ թւում` լայնամասշտաբ ռազմական գործողութիւնների կանխման ակնկալիքով: Ինչպէս տեղեակ էք` վերջին 24 ժամուայ ընթացքում ադրբեջանական կողմը ապատեղեկատուութիւն է տարածել, որ իբր թէ արցախեան կողմը դիւերսիոն (ներթափանցման) գործողութիւնների է իրականացրել, հրետակոծութեան ենթարկել ադրբեջանական դիրքերը:

Իսկ քիչ անց նրանք տարածել են տեղեկատուութիւն, որ սկսել են այսպէս կոչուած «հակաահաբակչական գործողութիւն», ինչը վկայում է նրա մասին, որ այս բոլոր քայլերը նախապէս ծրագրաւորուած են եղել: Սա լրիւութեամբ տեղաւորւում է վերջին ամիսների ընթացքում հայկական կողմի` Արցախի եւ նրա ժողովրդի նկատմամբ Ադրբեջանի ցեղասպանական գործողութիւնների մասին հաղորդումներին:

Այժմ մենք ականատեսն ենք, թէ ինչպէս է Ադրբեջանը իր ցեղասպան քաղաքականութեան իրականացման գործում անցնում խաղաղ բնակչութեան ֆիզիկական բնաջնջմանը եւ քաղաքացիական օբյեկտները ոչնչացնելու գործողութիւններին: Միջազգային դերակատարներին բազմիցս յայտնել ենք, որ կոչերով անհնար է զսպել Ադրբեջանի նման ռազմատենչ եւ յանցաւոր կեցուածքը: Մենք պահանջում ենք, որ միջազգային հանրութիւնը շատ կարճ ժամանակահատուածում գործուն քայլեր ձեռնարկի` Ադրբեջանի ագրեսիան դադարեցնելու համար»:

Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան ահազանգեց, որ Շուշիի շրջանի Եղցահող համայնքը` ընդհանուր 150 բնակիչով, դարձած է ատրպէյճանական կողմի ուղիղ թիրախը, եւ բնակիչները կարելի չէ տարհանել։ «Ադրբեջանական ԶՈՒն աւերել է համայնքի դպրոցը: Բնակիչներին տարհանելու հնարաւորութիւն չկայ, նրանք ամբողջութեամբ շրջապատուած են Ադրբեջանի ԶՈՒ կողմից», գրած է ան։

Աւելի ուշ ան լուսարձակի տակ առաւ վիճակի ծանրութիւնը՝ նշելով, որ ռմբակոծումները կը շարունակուին, իսկ Արցախի բազմաթիւ բնակիչներ մնացած են առանց ելեկտրականութեան, ուտելիքի եւ ջեռուցման:

«Արցախի ամբողջ բնակչութիւնը շարունակում է մնալ ապաստարաններում առանց ելեկտրականութեան, հաղորդակցման միջոցների, սննդի եւ ջեռուցման` սառը ջերմաստիճանի պայմաններում: Ադրբեջանը շարունակում է թիրախաւորել քաղաքացիական ենթակառուցուածները եւ քաղաքացիական բնակչութեանը` օգտագործելով ռազմական աւիացիա (օդանաւեր), հրետանի եւ անօդաչու թռչող սարքեր», նշեց ան։

Երեկոյեան Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ ռուս խաղաղապահները 19 Սեպտեմբերին արձանագրեցին ատրպէյճանական կողմէ զինադադարի դրութեան խախտման բազմաթիւ փաստեր։

Խաղաղապահները կազմակերպեցին Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութեան տարհանումը: Անոնք տեղակայման վայր փոխադրեցին 469 անձեր, որոնց կարգին 185 մանուկներ, 9ը՝ վիրաւորներ, իսկ բժշկական օգնութիւն ցուցաբերուեցաւ յատուկ ջոկատին կողմէ։

«Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը հակամարտութեան կողմերուն անյապաղ զինադադարի կոչ կ՛ուղղէ», նշեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ, ՈՐ «ՀԱԿԱԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍԿՍԱԾ Է»

 Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ռմբակոծման սկսելէն քիչ ետք յայտարարեց, որ Արցախի մէջ «հակաահաբեկչական գործողութիւններու սկսած է»։

 «Ղարաբաղի տնտեսական տարածաշրջանին մէջ լայնածաւալ սադրանքները ճնշելու, հայկական զինուած ուժերու զինաթափումը եւ մեր տարածքներէն դուրս բերռլը, ռազմական ենթակառուցուածքները չէզոքացնելու, բռնագրաւումէ ազատագրուած տարածքներ վերադարձող բնակչութեան, շինարարական վերականգնողական աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած քաղաքացի ծառայողներուն եւ մեր զինուորականներուն ապահովուպիւնը երաշխաւորելու, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը վերականգնելու նպատակով, տարածաշրջանին մէջ սկսանք տեղական բնոյթի հակաահաբեկչական միջոցառումներ», նշեց նախարարութիւնը։

Պաքու աւելցուց, որ այս մասին տեղեկացուցած է Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը եւ թուրք-ռուսական դիտորդական կեդրոնի ղեկավարութիւնը:

Մինչ այդ Ատրպէյճան առաւօտեան հաղորդեց, թէ Ահմետպէյլի-Ֆիզուլի-Շուշի ճամբու հատուածին մէջ Արցախի պաշտպանական բանակին կողմէ տեղադրուած հակահրասայլային ականի մը պայթելուն պատճառով մահացան ինքնաշարժին մէջ գտնուող 2 քաղաքացիներ, որոնք այդ տարածքին մէջ ելեկտրականութեան շինութեան աշխատանք կը տանէին:

Քանի մը ժամ ետք, Պաքու հաղորդեց այլ պայթումի մը մասին, այս անգամ պնդելով, թէ «ահաբկեչութեան» պատճառով մահացած են Ատրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութեան 4 աշխատակիցներ, որոնք «Կամազ»ով Թաղավարդ գիւղի ճամբով կ՛երթային աւելի կանուխ տեղի ունեցած պայթումին վայրը: Իբրեւ ապացոյց՝ ատրպէյճանցիները պայթումէն մասնատուած անձերու լուսանկարներ է հրապարակեցին:

ՊԱՔՈՒ ՂԱՐԱԲԱՂՑԻ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՆՍՏԻ ՄԻԱՅՆ. ԵՐԲ ԱՆՈՆՔ ՍՊԻՏԱԿ ԴՐՕՇԸ ԲԱՐՁՐԱՑՆԵՆ

Չուշացաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը. Պաքու պնդեց, թէ տեղի ունեցածը ցոյց կու տայ, որ «Հայաստանի կողմէ ստեղծուած անօրինական վարչակարգին նպատակը ահաբեկչութիւնն է»: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ այս «սադրանքներուն միջոցով փորձ կը կատարուի խոչընդոտել շինարակական աշխատանքները եւ այդ տարածքները խաղաղ բնակչութեան վերադարձը»:

Պաշտօնական Ստեփանակերտ հերքեց Պաքուի պնդումները, թէ Արցախի պաշտպանական բանակը փորձած է կատարել ներթափանցման-հետախուզական գործողութիւն, որուն պատճառով տեղի ունեցան 2 տարբեր պայթումներ, եւ արձանագրուեցան մահեր։

Ռմբակոծումէն ետք, յաջորդող ժամերուն, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը տարբեր միջոցներով փորձեց սարսափի մթնոլորտ ստեղծել Արցախի մէջ եւ յայտարարեց, որ «բնակչութեան տարհանումը ապահովելու նպատակով Լաչինի ճանապարհին եւ այլ ուղղութիւններով ստեղծուած են մարդասիրական միջանցքներ եւ ընդունման կէտեր»։

«Կիներուն, մանուկերուն, տարեցներուն, ինչպէս նաեւ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն եւ հիւանդներուն պիտի տրամադրուի անհրաժեշտ բժշկական խնամք, ջուր եւ ուտելիք», յայտարարեց Պաքու։

Ընկերային ցանցերու եւ «Թելեկրամ»ի ալիքներուն վրայ շրջան ըրաւ տեսանիւթ մը, որուն մէջ Ատրպէյճան հայերէնով յայտարարութիւն կը կատարէ՝ նշելով, որ ինք պիտի պաշտպանէ Արցախի հայերուն կեանքը եւ ապահովութիւնը։

Յետմիջօրէի ժամը 3ի դրութեամբ՝ Պաքու յայտարարեց, թէ «տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան համար անհրաժեշտ է հայկական զինուած ուժերու ամբողջական դուրս բերելը Ատրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանէն»:

Արցախի դէմ «հակաահաբեկչական» գործողոթիւններու մեկնարկէն ժամեր ետք, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ՝ ­«իբրեւ պատասխան հայկական կողմի սադրանքներուն, գերճշգրիտ սպառազինութեան կիրարկումով ատրպէյճանական բանակը թիրախ կը դարձնէ հայկական զինուած ուժերու դիրքերը, անոնց կրակակէտերը, ինչպէս նաեւ մարտական միջոցները եւ ռազմական կառոյցները»:

Երեկոյեան, Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ «Ռոյթըրզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ «Ատրպէյճանի զինուած ուժերը քանի մը ուղղութեամբ ճեղքած են շփման գիծը Ղարաբաղի մէջ եւ վճռական են իրենց ռազմավարական նպատակներուն հասնելուն մէջ»։

Ան պնդեց, որ Պաքու ղարաբաղցի հայերուն հետ երկխօսութեան կը նստի միայն այն պարագային, երբ վերջիններս սպիտակ դրօշը բարձրացնեն, վար դնեն զէնքերը եւ կազմալուծեն կառավարութիւնը:

«Հայաստանի դէմ Ատրպէյճան ռազմական նպատակներ չունի», վստահեցուց Ալիեւի խորհրդականը՝ աւելցնելով. «Մենք այլեւս չենք կրնար հանդուրժել զինուած ուժերու ներկայութիւնը մեր տարածքին մէջ»։

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/09/2023, 08:56