Որոնել

2023.01.02 Rev Vahan Tutighyan

Համակարգումի պակասը եւ անտեղի մրցակցութիւններ

Ուժերու ի՜նչ վատնում է եւ մտքերու եւ հոգիներու ի՜նչ մեծ գայթակղութիւն երբ հայկական տարբեր եկեղեցիներ եւ տարբեր կուսակցութիւններ տարբեր վայրերու մէջ նոյն օրը Վարդանանց տօն կամ Մեծ Եղեռնի ոգեկոչում կ՛ընեն:

Համասփիւռքեան մեր իրականութեան ամէնէն խոցելի կէտերէն մէկը հայկական կազմակերպութիւններու միջեւ համակարգումի պակասն է: Այս յանցանքին պատասխանատուութիւնը առաւելաբար կ՛իյնայ մեր կազմակերպութիւնները ղեկավարող անձերու ուսերուն: Անտեղի մրցակցութիւններ, ծրագրումի եւ կազմակերպումի պակաս, համակարգումի բացակայութիւն… այս բոլորը իրենց ժխտական անդրադարձները կ՛ունենան մեր հանրային կեանքին մէջ:

Ազգապահպանման համար տարասփիւռ հայութիւնը մտահոգութեան լուրջ պատճառներ ունի: Համահայկական կեանքի ապահովութեան սպառնացող վտանգներ կան: Ազգային գիտակցութեան եւ հաւաքական մտածողութեան խնդիր ունինք: Ապասերումի վտանգին եւ դասալքութեան հակումներուն դէմ կենաց եւ մահու պայքարի մէջ ենք: Այս պայմաններուն մէջ երբեք արդարանալի չեն նոյնատեսակ գործունէութիւններու կազմակերպումը: Որոշապէս ուժերու վատնում է միեւնոյն աշխատանքը տանիլ գրեթէ միեւնոյն վայրին մէջ՝ ի խնդիր միեւնոյն նպատակին: Օրինակի համար ինչ հարկ կայ հայկական երկու վարժարաններ կանգնել միեւնոյն պողոտային վրայ երբ բազմաթիւ հայկական քաղաքներ կամ հայաշատ շրջաններ կը տառապին հայկական դպրոցի չգոյութենէն: Ի՞նչ հարկ կայ նոյն թաղին մէջ նոյն յարանուանութեան պատկանող երկու տարբեր եկեղեցիներ կառուցել երբ շատ վայրերու մէջ հայ մարդիկ զրկուած են այդ առանձնաշնորհումէն:

Ուժերու ի՜նչ վատնում է եւ մտքերու եւ հոգիներու ի՜նչ մեծ գայթակղութիւն երբ հայկական տարբեր եկեղեցիներ եւ տարբեր կուսակցութիւններ տարբեր վայրերու մէջ նոյն օրը Վարդանանց տօն կամ Մեծ Եղեռնի ոգեկոչում կ՛ընեն:

Քանի՞ հատ Հայ Դատի նուիրուած տարբեր յանձնախումբեր յաջորդաբար զիրենք հիւրասիրող երկրին պետական մարմիններու դռները պիտի բախեն՝ Հայկական Հարցի եւ պահանջատիրութեան առաջադրութեամբ:

Պէտք է ընդունինք բոլորս ալ, որ մեր ներկայ տկարութեանց վէրքերուն եւ ընկրկումներուն մէկ կարեւոր մասը հետեւանքներ են մեր գործած սխալներուն, մեր եսասիրութեան, անհատապաշտական հակումներուն, նախանձին եւ մեղքերուն:

Եթէ ազգային մտահոգութիւններու թելադրանքով շարժէինք, եթէ մեկնակէտ ունենայինք ազգային մտածողութեան պահանջներն ու ստիպողութիւնները, եթէ ընդհանրական հայութեան համազգային շահերէն առաջնորդուէինք, այն ատեն անյապաղ պիտի ձերբազատուէինք մեր հաւաքական կեանքին մէջ դերակատարութիւն ունեցող ախտերէն:

Արտասահմանի հայութեան մթագնող ապագայ հորիզոնին ի տես եւ մեր ազգապահպանման աճող դժուարութեանց դիմաց՝ պարտաւոր ենք ըլլալ զգաստ ու խոհեմ, եւ անոր համընթաց՝ լարել մեր ուժականութիւնը, որպէսզի կարենանք անկեղծ եւ անվերապահ գործակցիլ եւ ժողովրդային բաղձանքը կենդանի գործի եւ շօշափելի փաստի վերածել:

Գործակցութեան եւ համայնական ընդհանուր ներդաշնակութեան դէմ որեւէ անհարթելի արգելք պէտք չէ ըլլայ: Մեր հոգեւոր եւ աշխարհական առաջնորդութիւնը պէտք է լծուի գործնական քայլերու՝ ազգային ընդհանուր վարքագիծով մը վարելու համար համայնական մեր կեանքը:

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2023, 07:58