Որոնել

Հոգեւոր երաժշտութեան փառատօն Հոգեւոր երաժշտութեան փառատօն 

Հայաստանի մէջ հոգեւոր երաժշտութեան փառատօն պիտի կայանայ

Փառատօնին ծիրէն ներս պիտի իրականացուին մարզային համերգներ։ Այս մասին կը հաղորդագրութիւն տարածած են Կամերային երաժշտութեան ազգային կեդրոնէն։

Հայաստանի մէջ Սեպտեմբերին պիտի կայանայ հոգեւոր երաժշտութեան փառատօն։ Անիկա նախաձեռնած է Կամերային երաժշտութեան ազգային կեդրոնը՝ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ։ Փառատօնին ծիրէն ներս պիտի իրականացուին մարզային համերգներ։ Այս մասին կը հաղորդագրութիւն տարածած են Կամերային երաժշտութեան ազգային կեդրոնէն։

Սեպտեմբեր 22-ին համերգ տեղի պիտի ունենայ Պտղնիի տաճարին մէջ՝ մասնակցութեամբ Հայաստանի պետական կամերային երգչախումբի (գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխավոր խմբավար՝ Ռոպերթ Մլքէյեան) եւ Հայաստանի պետական կամերային նուագախումբի (գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար՝ Վահան Մարտիրոսեան)։ Համերգի խմբավար՝ ՀՀ ժողովրդական արտիստ Ռոպերթ Մլքէյեան։ Ծրագիրով պիտի ներկայացուին՝ Շարականներ, Կոմիտասի, Մանսուրեանի, Մոցարթի, Շուպերթի, Ֆորէի, Պարպերի եւ այլոց հոգեւոր ստեղծագործութիւններ:

Սեպտեմբեր 23-ին համերգ պիտի կայանայ Բջնիի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ՝ մասնակցութեամբ «Հովեր» պետական կամերային երգչախումբին (խմբավարներ՝ Սոնա Յովհաննիսեան, Նարինէ Ոսկանեան) եւ Երեւանի պետական կամերային երգչախումբին (գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար՝ Քրիստինա Ոսկանեան)։ Ծրագիրով՝ Սահակ Պարթեւ, Ներսէս Շնորհալի, Կոմիտաս, Ա. Աւանէսով, Ա. Ղազարեան, Ա. Լոդդի, Վ. Պուխենպերկ, Բ. Վասգս, Յ. Մանդիյարուի եւ այլոց հոգեւոր ստեղծագործութիւններ:

Համերգներին սկիզբը ժամը 19։00-ն է: Համերգներուն մուտքը ազատ է։

Աղբիւրը՝ Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2023, 08:05