Արամ Ա. Կաթողիկոսը թեմերուն թելադրեց յառաջիկայ Կիրակին հռչակել Արցախի զօրակցութեան օր
Չորեքշաբթի, 27 Սեպտեմբերին, Արամ Ա. կաթողիկոսը առցանց հանդիպում մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդներուն հետ:
Հանդիպումի օրակարգին գլխաւոր հարցը Արցախի մեր ժողովուրդին զօրակցութիւնն էր: Վեհափառը առաջնորդներուն եւ թեմի իշխանութիւններուն կատարեց հետեւեալ թելադրութիւնները.
Ա) Յառաջիկայ Կիրակի, 1 Հոկտեմբերը նկատել Արցախի զօրակցութեան օր՝ հոգեհանգիստ կատարելով Արցախի նահատակներու հոգիներուն, ինչպէս նաեւ աղօթել հիւանդներու շուտափոյթ ապաքինման եւ ընդհանրապէս տագնապի մէջ գտնուող մեր զաւակներուն բարօրութեան համար:
Բ) Գործնապէս մասնակից դառնալ ի խնդիր Արցախի մեր ժողովուրդին ապահովութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան տեղի ունենալիք ցոյցերուն եւ հրապարակային այլ նախաձեռնութիւններուն:
Գ) Օժանդակել Արցախի մեր զաւակներուն ընկերային-տնտեսական կարիքներուն՝ թէ՛ Արցախի եւ թէ Հայաստանի մէջ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ