Որոնել

2023.09.13 Convoglio aiuti umanitari Russo arrivato in Artsakh

Ռուսական Մարդասիրական Օժանդակութիւնը Աղտամի Վրայով Հասաւ Ստեփանա

Ռուսական օգնութիւնը 12 Սեպտեմբերի կանուխ առաւօտեան, Աղտամի ճամբով մտաւ Ստեփանակերտ, երկու օրեր Ատրպէյճանի Պարտա շրջանին մէջ մնալէ ետք։

Արցախի իշխանութիւնները շեշտեցին, որ օգնութիւնը մուտք գործեց իրենց թոյլտուութեամբ: «Ինչպէս նախապէս յայտարարուել էր, Ռուսաստանի Դաշնութեան կառավարությունը հանդէս է եկել Արցախի Հանրապետութեանը հումանիտար (մարդասիրական) օգնութիւն տրամադրելու նախաձեռնութեամբ: Այսօր՝ Սեպտեմբերի 12ին, բեռը ռուսական Կարմիր Խաչի միջոցով եւ այդ կազմակերպութեան մեքենաներով, հանրապետութեան իշխանութիւնների թոյլտւութեամբ մուտք է գործել Արցախի Հանրապետութիւն՝ Ասկերան քաղաքով: Օգնութիւնը պարունակում է ռուսական արտադրութեան կենսական նշանակութեան ապրանքներ», կ՛ըսուի Ստեփանակերտի հաղորդագրութեան մէջ:

Աղտամ-Սսկերան ճամբան փակած ասկերանցիները ռուսական օգնութեան մուտքը արտօնեցին պայմանով, որ պիտի պահպանուին ռուսական կողմին պարտաւորուածութիւնները առ այն, որ պիտի բացուի նաեւ Լաչինի միջանցքը:

«Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց շրջանային վարչակազմի բանբեր Անահիտ Պետրոսեան: «Ռուսաստանի Կարմիր Խաչի բեռնատարը զննուել է Ակնա-Ասկերան ճանապարհահատուածում տեղակայուած հսկիչ պահակակէտում, որից յետոյ` ուղեւորուել Ստեփանակերտ: Նախօրօք բանակցութիւններ են եղել Ասկերան քաղաքի ակտիւի (պատասխանատու անձնակազմին) հետ, որի ժամանակ կողմերը համաձայնութեան են եկել ճանապարհը բացել բացառապէս ռուսական մեքենայի համար` պայմանով, որ կը պահպանուեն ռուսական կողմի պարտաւորուածութիւններն առ այն, որ միայն անցնելու է ռուսական բեռնատարը եւ բացուելու է նաեւ Քաշաթաղի ճանապարհը», մանրամասնեց Պետրոսեան`աւելցնելով, որ ասկերանցիները կը շարունակեն փակ պահել Ակնա-Ասկերան ճամբան ատրպէյճանական Կարմիր Մահիկի բեռնատարներուն համար:

Միւս կողմէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ասիկա նկատեց կարեւոր եւ դրական յառաջընթաց Աղտամի ճամբան բանալու ուղղութեամբ, իսկ նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ ընդգծեց հետեւեալը. «Անգամ մը եւս կը յայտարարենք, որ ատրպէյճանական կողմը պատրաստ է Աղտամ-Խանքենդի (Ստեփանակերտ) ճամբուն զուգահեռ Կարմիր Խաչի միջնորդութեամբ բեռներու փոխադրութեան համար պայմաններ ստեղծել` Լաչինի սահմանային անցակէտին մէջ սահմանային եւ մաքսային ընթացակարգերու պահպանումով»:

Սակայն, Լաչինի միջանցքը կը շարունակէ փակ մնալ. հոն կանգ առած են մարդասիրական օգնութեամբ լեցուն տասնեակ բեռնատարներ՝ առանց Արցախ մտնելու կարելիութեան։

Կարմիր Խաչի արցախեան առաքելութեան ներկայացուցիչ Էթերի Մուսայէլեան յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ շուտով համաձայնութիւն կը գոյանայ, բայց ան շեշտեց, որ առայժմ միայն հիւանդները կը փոխադրեն: «Այսօր հերթական խումբն ենք տեղափոխել բուժառուների Լաչինի միջանցքով դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն: Վերջին անգամ Լաչինի միջանցքով սննդի եւ պարագաների տեղափոխումը եղել է Յունիսի 14ին, իսկ դեղամիջոցների տեղափոխումը եղել է Յուլիսի 7ին», ըսաւ Մուսայէլեան:

 

ՌՈՒՍԻԱ ԵՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԸ ԿԸ ԽՕՍԻՆ ԵՐԿՈՒ ՃԱՄԲԱՆԵՐՈՒ ՄԻԱԺԱՄԱՆԱԿ ԲԱՑՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա անդրադարձաւ այս երեւոյթին՝ նշելով, որ ռուսական կողմը քայլերու կը ձեռնարկէ Արցախի մէջ մարդասիրական բարդ իրավիճակի կարգաւորման ուղղութեամբ։

Ըստ անոր՝ այդ քայլերէն է` «Լաչինի եւ Աղտամի ճամբաներու զուգահեռ ապաշրջափակման դրութիւնը», որ մշակուած է բոլոր շահագրգիռ կողմերուն հետ փոխգործակցութեամբ:

Զախարովա դիտել տուաւ, որ այս նախաձեռնութիւնը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով ներկայացուց 25 Յուլիսին, Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հետ եռակողմ հանդիպումին ընթացքին, սակայն «նկատի ունենալով դիրքորոշումներու էական անհամապատասխանութիւնը, փոխադարձ անվստահութեան բարձր մակարդակը` այս աշխատանքը դիւրին չ՛ընթանար»։

Նշելով, որ ռուսական մարդասիրական օգնութեան մուտքը առաջին քայլն է՝ ան ըսաւ, թէ ներկայիս Մոսկուա կ՛ակնկալէ, որ Աղտամի ճամբուն զուգահեռ բացուի նաեւ Լաչինի միջանցքը, «այնուհետեւ մարդասիրական օգնութիւնը կանոնաւոր հիմքերով երկու ուղղութիւններով ալ անարգել մուտք պիտի գործէ տարածաշրջանը»։

Ան յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ այդպիսով Արցախի մէջ մարդասիրական իրավիճակը կը կայունանայ, իսկ տեղւոյն բնակչութեան բնականոն կենսագործունէութիւնը կը վերականգնի:

 Իսկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր իր կարգին անդրադարձաւ Արցախի մէջ արագօրէն վատթարացող մարդասիրական կացութեան եւ իր երկրին մտահոգ ըլլալուն՝ նշելով.  «Մենք կը կրկնենք մեր կոչը, ինչպէս արտաքին գործոց նախարարը՝ շաբաթավերջին կատարած իր յայտարարութեամբ, Լաչինի եւ Աղտամի երթուղիներու անյապաղ եւ միաժամանակեայ բացման վերաբերեալ»։

«Մենք ղեկավարներուն կոչ կ՛ուղղենք, ինչպէս արտաքին գործոց նախարարը իր կոչերուն մէջ ըրաւ՝ չձեռնարկելու որեւէ քայլի, որ պիտի բարձրացնէ լարուածութիւնը կամ պիտի շեղի այդ նպատակէն», շեշտեց Միլըր։

Ան նաեւ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն չի ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղը իբրեւ անկախ եւ գերիշխան պետութիւն եւ հետեւաբար չի ճանչնար այնտեղ վերջերս տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւնը։

Ան ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ վճռականօրէն աջակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ջանքերուն՝ երկխօսութեան միջոցով լուծելու գոյութիւն ունեցող հարցերը։

Պատասխանելով 11 Սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ մեկնարկած հայ-ամերիկեան միացեալ ռազմափորձերուն՝ Միլըր ըսաւ. «Միացեալ Նահանգները պատրաստականութիւնը պահպանելու նպատակով կանոնաւոր կերպով կը մարզուի եւ կը գործէ իր գործընկերներուն հետ՝ շարունակաբար բարելաւելով զինեալ ուժերու միջեւ փոխգործունակութիւնը»։

Լրագրողի մը հարցումին, թէ արդեօք հայ-ամերիկեան ռազմափորձերը նախատեսուա՞ծ են որեւէ ձեւով կանխարգիլելու ատրպէյճանական հնարաւոր յարձակումը՝ Միլըր ըսաւ. «Ո՛չ, ընդհանրապէս այդպէս չէ»։

«Հայաստան Միացեալ Նահանգներու վաղեմի գործընկերն է եւ 2003էն ի վեր կայուն յարաբերութիւններ ունի Քենզըսի ազգային պահակագունդին հետ՝ իբրեւ Պաշտպանութեան նախարարութեան Պետական գործընկերութեան ծրագիրի մէկ մասը։ Առ այդ, ասիկա սովորական վարժութիւն է, որ ոչ մէկ ձեւով կապ ունի որեւէ այլ իրադարձութեան հետ», շեշտեց Միլըր։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/09/2023, 07:25