Որոնել

2023.09.11The Russian Red Cross aid to Artsakh

Հակառակ Ստեփանակերտի համաձայնութեան՝ Ռուսական մարդասիրական օգնութիւնը սսկերանով Արցախ չմտաւ

11 Սեպտեմբերի դրութեամբ՝ ռուսական մարդասիրական օգնութիւնը Ասկերանով Արցախ չմտաւ. երկրորդ օրը ըլլալով, ռուսական Կարմիր Խաչի նշանով դեղին բեռնատարը Ատրպէյճանի Պարտա կայանին մէջ կանգնած մնաց: Մթերքով բեռցուած բեռնատարին մօտէն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները պարբերաբար ուղիղ եթերով հաղորդում կը կատարեն:

9 Սեպտեմբերին՝ Արցախի նոր նախագահի ընտրութենէն ետք, Ստեփանակերտ յայտարարեց, որ համաձայն է ընդունիլ Աղտամով տեղափոխուող Ռուսիոյ օգնութիւնը:

Արցախի տեղեկատուական շտաբը հաղորդեց, որ նոյն ժամանակ ձեռք բերուած է պայմանաւորուածութիւն, ըստ որուն, Լաչինի միջանցքով կը վերականգնին մարդասիրական բեռնափոխադրութիւնները՝ ռուս խաղաղապահներուն եւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին կողմէ:

Ստեփանակերտ նշեց, որ Ռուսիոյ կառավարութիւնը հանդէս եկած է Արցախի Հանրապետութեան մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու նախաձեռնութեամբ՝ նկատի ունենալով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամը՝ աւելցնելով, որ այս քայլին կը դիմէ՝ մեկնելով Ատրպէյճանի կողմէ գործադրուած ամբողջական շրջափակման պատճառով յառաջացած սուր մարդասիրական հարցերը մեղմացնելու անհրաժեշտութենէն: Շեշտուեցաւ, որ ռուսական արտադրութեան կենսական նշանակութիւն ունեցող ապրանքներ պարունակող օգնութիւնը Արցախ ուղարկուած է ռուսական Կարմիր Խաչին միջոցով՝ այդ կազմակերպութեան ինքնաշարժներով:

Ատրպէյճանական Կարմիր Մահիկը իր կարգին յայտարարեց, թէ փոխադրութիւնը կը կատարուի Կարմիր Մահիկի եւ Ռուսիոյ Կարմիր Խաչի համագործակցութեան յուշագիրով՝ Ռուսիոյ կառավարութեան նախաձեռնութեամբ:

Սակայն, 11 Սեպտեմբերի դրութեամբ՝ ռուսական մարդասիրական օգնութիւնը Ասկերանով Արցախ չմտաւ. երկրորդ օրը ըլլալով, ռուսական Կարմիր Խաչի նշանով դեղին բեռնատարը Ատրպէյճանի Պարտա կայանին մէջ կանգնած մնաց:

Մթերքով բեռցուած բեռնատարին մօտէն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները պարբերաբար ուղիղ եթերով հաղորդում կը կատարեն:

«ԱՍԻԿԱ ՊԷՏՔ ՉԷ ՇՓՈԹԵԼ ԱՂՏԱՄ-ԽԱՆՔԵՆՏԻ, ԼԱՉԻՆ-ԽԱՆՔԵՆՏԻ ՃԱՄԲԱՆԵՐՈՒ ՄԻԱԺԱՄԱՆԱԿ ԲԱՑՄԱՆ ՀԵՏ». ՀԱՃԻԵՒ

Ատրպէյճանի նախագահի օգնական, աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան հարցերու վարչութեան պետ Հիքմեթ Հաճիեւ անդրադարձաւ Ռուսիոյ կողմէ մարդասիրական բեռի տեղափոխման նպատակով Աղտամի ճամբով դէպի Ստեփանակերտ ճամբու օգտագործման:

«Միջազգային լրագրողներու, որոնց շարքին «Ռոյթըրզ»ի, «Փոլիթիքօ»ի եւ «Պի.Պի.Սի.»ի բազմաթիւ հարցումներուն իբրեւ պատասխան՝ կ՛ուզենք բացատրել հետեւեալը. Ռուսիոյ նախաձեռնած պարենային բեռները, ատրպէյճանական Կարմիր Մահիկին համաձայնութեամբ, Ռուսիոյ Կարմիր Խաչին կողմէ պիտի շարժին Աղտամ-Ասկերան ճամբով դէպի Խանքենտի: Ասիկա առանձին գործարք է եւ պէտք չէ շփոթել Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի մատակարարումներուն համար Աղտամ-Խանքենտի եւ Լաչին-Խանքենտի ճամբաներու միաժամանակ բացման առաջարկին հետ», շեշտեց Հաճիեւ:

Ան Շաբաթ օր «Ռոյթըրզ»ին յայտնեց, որ Ատրպէյճան պատրաստ է Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին արտօնել Հայաստանէն օգնութիւն տեղափոխել Լեռնային Ղարաբաղ, եթէ Կարմիր Մահիկի օգնութիւնը նոյն ժամանակ մուտք գործէ այնտեղ:

Ըստ անոր՝ Լաչինի միջանցքը եւ Աղտամի ճամբան կրնան բացուիլ միաժամանակ՝ իբրեւ փորձառական ծրագիրի մէկ մաս, որ կրնայ մեղմացնել լարուածութիւնը եւ յառաջ մղել Երեւանի ու Պաքուի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւնները:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2023, 07:05