Որոնել

Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ պատարագ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ պատարագ 

Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ պատարագն այս տարի աւելի բազմամարդ եղած է

Վանայ լիճի Աղթամար կղզիին վրայ գտնուող Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կայացած է հերթական պատարագը,
Ունկնդրէ լուրը

Վանայ լիճի Աղթամար կղզիին վրայ գտնուող Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կայացած է հերթական պատարագը, որ, ի տարբերութիւն նախորդ տարուան, իր վրայ սեւեռած էր աւելի մեծ ուշադրութիւն:

Եկեղեցւոյ վերանորոգումէն ետք Թուրքիոյ կառավարութիւնը տեւական ժամանակ կը հրաժարէր խաչ տեղադրել եկեղեցւոյ գմբեթին վրայ, բայց ի վերջոյ տեղի տուաւ, քանի որ ամբողջ աշխարհի հայութիւնը բողոքի ցոյց կազմակերպած էր, ու թէեւ ս. Խաչ եկեղեցին սկսած է գործել որպէս թանգարան, այդուհանդերձ թրքական իշխանութիւնները կը թոյլատրեն տարին մէկ անգամ այնտեղ պատարագ կայացնել:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս տարուան պատարագի կապակցութեամբ անվտանգութեան միջոցառումներն աննախադէպ էին: Թրքական յատուկ ծառայութիւններու ներկայացուցիչները Հայաստանէն ժամանածներուն կ'ուղեկցէին հիւրանոցներէն, իսկ կղզիին վրայ ուժեղացուած պարեկութիւն կ'իրականացնէին տասնեակ ոստիկաններ, որ կանխարգիլեն հնարաւոր անախորժութիւնները տեղաբնակ ծայրայեղական թուրքերու կամ ատրպէյճանցիներու կողմէ: Կղզիի վրան պատարագի ամբողջ ընթացքին կը պտըտէր ոստիկանութեան ուղղաթիռը:

Բարեբախտաբար, միջադէպեր չեն գրանցուած եւ արարողութիւնն անցած է բնականոն հունով, որուն, ի դէպ, կը մասնակցէին ոչ միայն հայեր, այլեւ բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ տարբեր երկիրներէ, ինչպէս նաեւ տեղաբնակ քիւրտեր եւ թուրքեր: Հաւաքուածներն այնքան շատ էին, որ պատարագը նախ մեկնարկեց ներսը, այնուհետեւ շարունակուեցաւ եկեղեցւոյ բակին մէջ՝ նոյն ծիսակարգով։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2023, 08:30