Արցախի բնակչութեան շուրջ 80 տոկոսը արդէն հասած է Հայաստան
Ըստ վերջին տուեալներու՝ Արցախի պաշտօնական բնակչութեան շուրջ 80 տոկոսը արդէն հասած է Հայաստան:
Ղարաբաղի իշխանութիւնը լուծարելու` 28 Սեպտեմբերին յայտարարուած որոշումէն ետք, ըստ ականատեսներու, արցախցիներուն հոսքը աշխուժացած է:
97,735 անձեր արդէն հեռացած են իրենց հայրենի հողերէն եւ հարազատ բնակարաններէն։ Առաւել քան 20,000 ինքնաշարժներ հատեցին Հակարիի կամուրջը։
Գորիսի մէջ մարդոց հոսքը չի դադարիր: Արցախցիները կը պատմեն, թէ Ստեփանակերտի մէջ արդէն ատրպէյճանցի ոստիկանները կը շրջին:
Շատեր կը խօսին Ղարաբաղի մէջ թողած գերեզմաններուն մասին, ոմանք չեն հասած նոյնիսկ հարազատներուն վերջին հրաժեշտը տալու: Շատերը նաեւ հարազատ որդիէն եւ թոռէն տեղեկութիւն չունին` ո՞ւր են, ո՞ղջ են, թէ գերի:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ