Որոնել

Ղարաբաղէն Հայաստան փոխադրուող ընտանիքներ Ղարաբաղէն Հայաստան փոխադրուող ընտանիքներ  (AFP or licensors)

Save the Children «Արցախէն բռնի տեղահանուած աւելի քան 26 հազար անչափահասներ կարիքը ունին մարդասիրական շտապ օգնութեան»

ՄԱԿ-ի Մանուկներու պաշտպանութեան գրասենեակը կոչ կ՝ընէ անյապաղ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները Ղարաբաղի մէջ ու առաջնահերթութիւն տալ անվտանգութեան եւ քաղաքացիներուն պաշտպանութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Նուազագոյնը աւել քան 26400 անչափահասներ՝ տեղահանուածներուն գրեթէ 30 տոկոսը ու անոնց ընտանիքները բռնութեան պատճառով Ղարաբաղէն Հայաստան փախչելէն յետոյ կարիքը ունին բնակարանի, սնունդի , հագուստի, մաքրութեան ապրանքներու ինչպէս նաեւ հոգեբանական առաջին օգնութեան», այս եղաւ ՄԱԿ-ի մանուկներուն պաշտպանութեան գրասենեակի հնչեցուցած ահազանգը, որ աւելի քան հարիւր տարիներէ ի վեր կը պայքարի երաշխաւորելու եւ պահպանելու համար մանուկներուն ապագան։

«19 սեպտեմբերին,Ղարաբաղի մէջ սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքով բնակչութեան գրեթէ 90 հարիւրը փախչած է հայաստան ու կը նախատեսուի որ թիւը յաջորդ օրերուն աճի», նշուած է ՄԱԿ-ի մանուկներուն պաշտպանութեան գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ, որուն տուեալներուն համաձայն Ղարաբաղի մէջ բռնի ուժով տեղահանուած ու Հայաստան փոխադրուած անչափահասներուն մէկ մասը ծանրապէս յոգնած վիճակի մատնուած են՝ երեք օրեր առանց ջուրի եւ սնունդի դէպի հայաստան փոխադրուելու պատճառաւ։

«Արդեն ինը ամիսներէ ի վեր Ղարաբաղի բնակչութիւնը կը տառապի սնունդի, դեղորայքի պակասի հետեւանքով՝ դէպի Հայաստան փոխադրող Լաչինի միջանցքի շրջափակման պատճառաւ։ Անչափահասները դարձեալ Ղարաբաղի ճգնաժամի առաջին գիծի վրայ են, ընտանիքներու մեծամասնութիւնը Հայաստանի փախչած են միայն առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներով եւ այժմ ստիպուած են զեռոյէն սկսիլ։ Բազմաթիւ անչափահասներ ականատես եղան բռնութիւններուն կամ ալ կորսնցուցած են իրենց հարազատները ու կարգ մը ընտանիքներ մեզի հաղորդեն թէ  իրեն երեխաները չեն դադրիլ լալէ» նշուած է Save the Children-ի յայտարարութեան մէջ եւ ուր նկատուած է, որ այս իրավիճակը հոգեբանական ծանր ազդեցութիւն պիտի ունենայ մանուկներուն վրայ, յատկապէս անոնց որոնք տեղահանուած են եւ արդեն ականատես եղած են բռնութիւններուն՝ 2020 թուականի բախումներուն ժամանակ։ «Մեր պարտականութիւնն է առաջնահերթութիւն տալ անոնց անվտանգութեան ու պաշտպանել անոնց ապագան» նշուած է Մանուկներու պաշտպանութեան խորհրդատու Իրէն Սարգսեանի յայտարարութեան մէջ, որ այժմ Հայաստան կը գտնուի։

ՄԱԿ-ի Մանուկներու պաշտպանութեան գրասենեակը կոչ կ՝ընէ անյապաղ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները Ղարաբաղի մէջ ու առաջնահերթութիւն տալ անվտանգութեան եւ քաղաքացիներուն պաշտպանութեան, յատուկէն անչափահասներու, միջազգային մարդասիրական իրաւունքներուն եւ հակամարտութիւններուն կանոններուն համապատասխան։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/09/2023, 13:51