Որոնել

ARMENIA-AZERBAIJAN-KARABAKH-CONFLICT-LACHIN

Ստեփանակերտ մերժեց ընդունիլ Աղտամ-Ստեփանակերտ ճամբով Պաքուի ուղարկելիք 40 թոն ալիւրը

Արցախի նախագահի բանբեր Լուսինէ Աւանեսեան յայտարարեց, որ Պաքու հարցը լուծելու փոխարէն զայն կը խորացնէ. եթէ Ատրպէյճան իրապէս հետաքրքրուած է Արցախի ժողովուրդի մարդասիրական աղէտի վերացումով՝ պէտք չէ արգիլէ Լաչինի միջանցքով մատակարարումներու վերականգնումը, ինչպէս նախատեսուած է 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեամբ:

Ատրպէյճան 29 Օգոստոսին յայտարարեց, որ, Կարմիր Մահիկ կազմակերպութեան միջնորդութեամբ, երկու բեռնատարներով 40 թոն ալիւր կ՛ուղարկէ Լեռնային Ղարաբաղ` Աղտամ-Ստեփանակերտ ճամբով, առանց յստակացնելու, թէ արդեօք համաձայնութիւն ձեռք բերուա՞ծ է Արցախի իշխանութիւններուն հետ` բանալու Աղտամի ճամբան:

Ատրպէյճանի Կարմիր Մահիկ կազմակերպութեան նախագահ, պատգամաւոր Նովրուզ Ասլան ըսաւ, թէ դրական արձագանգ կ՛ակնկալեն Ղարաբաղի հայերէն՝ աւելցնելով, որ յառաջիկային ալիւրէն բացի այլ անհրաժեշտ ապրանքներ եւս կրնան մատակարարել: «Մենք ուշադիր պիտի հետեւինք հոն տեղի ունեցող գործընթացներուն: Կը հաւատամ, որ այս քայլը դրական պիտի ընդունուի թէ՛ հասարակութեան, թէ՛ միջազգային հանրութեան, թէ՛ Խանքենդիի մէջ (Ստեփանակերտ) ապրող հայազգի բնակչութեան կողմէ», ըսաւ ան:

Ստեփանակերտի արձագանգը չուշացաւ. Արցախի նախագահի բանբեր Լուսինէ Աւանեսեան յայտարարեց, որ Պաքու հարցը լուծելու փոխարէն զայն կը խորացնէ. եթէ Ատրպէյճան իրապէս հետաքրքրուած է Արցախի ժողովուրդի մարդասիրական աղէտի վերացումով՝ պէտք չէ արգիլէ Լաչինի միջանցքով մատակարարումներու վերականգնումը, ինչպէս նախատեսուած է  9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեամբ:

«Քաշաթաղի (Լաչինի) միջանցքի` սահմանուած ռեժիմի (դրութեան) վերագործարկման խնդիրը եղել եւ մնում է առաջնահերթ, եւ ադրբեջանական կողմի հետ որեւէ երկխօսութիւն պէտք է ծաւալուի նախ եւ առաջ այդ հարցի շուրջ: Միջանցքը պէտք է ազատ եւ անխափան գործի ինչպէս մարդկանց, այնպէս էլ բեռների ու մեքենաների երկկողմանի տեղաշարժի համար», շեշտեց Աւանեսեան:

Աւելի ուշ, ատրպէյճանական Կարմիր Մահիկի գլխաւոր քարտուղար Ճէյհուն Միրզոեւ յայտարարեց, որ Աղտամի մէջ կը սպասեն ռուս խաղաղապահներու պատասխանին` «պայմաններ ստեղծելու բեռներու առաքման համար»: Ըստ «Էյ.Փի.Էյ.» ատրպէյանական գործակալութեան` Կարմիր Մահիկի ներկայացուցիչները ճամբուն վրայ վրաններ տեղադրած են։

Մինչ այդ, Արցախի Ասկերանի շրջանի հարիւրաւոր բնակիչներ դէպի Աղտամ տանող ճամբու հայկական կողմը ցոյց կատարեցին։ «Ազատութեան» հետ զրոյցի մը ընթացքին, Ասկերանի քաղաքապետ Հայկ Շամիրեան ըսաւ, որ իրենք կ՛ուզեն ըսել, թէ իրենք կը մերժեն Ատրպէկճանիի՝ Աղտամով ուղարկած բեռը:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/08/2023, 08:00