Որոնել

0830Dghak.jpg

Լաչինի Անցակէտէն առեւանգուած երեք ուսանողներու հարցով Հայաստան դիմեց ՄԻԵԴին

Այս մասին յայտնած է Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչը` աւելցնելով, որ հետագայ զարգացումներուն վերաբերեալ լրացուցիչ տեղեկութիւն պիտի հաղորդուի:

Բերձորի միջանցքէն առեւանգուած երեք քաղաքային անձերու իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան դիմում ներկայացուած է Ազրպէյճանի նկատմամբ միջանկեալ միջոց կիրարկելու պահանջով:

Այս մասին յայտնած է Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչը` աւելցնելով, որ հետագայ զարգացումներուն վերաբերեալ լրացուցիչ տեղեկութիւն պիտի հաղորդուի:

Յիշեցնենք, որ 28 օգոստոսին ազրպէյճանցի սահմանապահները Հակարիի կամուրջին մօտ տեղակայուած ազրպէյճանական անօրինական անցակէտէն առեւանգած են արցախցի երեք երիտասարդներ` Ալեն Սարգսեանը, Վահէ Յովսէփեանը եւ Լեւոն Գրիգորեանը:

Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազութեան հաղորդագրութեան համաձայն, Ազրպէյճանի պետական դրօշին նկատմամբ վիրաւորական գործողութիւններ կատարելու փաստին առիթով, քրէական գործ յարուցուած է քրէական օրէնսգիրքի 283.2.3 յօդուածի (կազմակերպուած խումբի կողմէ գործուող ազգային, ցեղային, ընկերային կամ կրօնական ատելութիւն եւ թշնամութիւն հրահրել) եւ 324 (Ազրպէյճանի Հանրապետութեան պետական դրօշի կամ պետական զինանշանի պղծում) յօդուածներու յատկանիշներով:

Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ Ազրպէյճանի դատախազութիւնը անոնց նկատմամբ կիրարկած է 10-օրեայ կալանք, որմէ ետք անոնք պիտի արտաքսուին Ազրպէյճանէն:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/08/2023, 07:50