Որոնել

2023.01.24 Artsakh centri sanitari 

ՄԱԿի մէջ Արցախի շրջափակման իրաւական հետեւանքներուն վերաբերեալ զեկոյց ներկայացուեցաւ

Իր բացման խօսքին մէջ ՄԱԿի մօտ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեան ներկայացուց Արցախի մէջ իրավիճակը ՝ նշելով, որ մարդասիրական ճգնաժամը կը շարունակէ վատթարանալ:
Ունկնդրէ լուրը

ՄԱԿի մէջ, փրոֆ. Խուան Մենտես ներկայացուց Արցախի շրջափակման իրաւական հետեւանքներուն վերաբերեալ զեկոյց մը: Այս մասին կը յայտնէ ՄԱԿի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութեան կայքէջը:

Կը նշուի, որ 23 Օգոստոսին, ՄԱԿի կեդրոնին մէջ, Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութեան կողմէ կազմակերպուեցաւ քննարկում մը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման հարցերով ՄԱԿի Ընդհանուր քարտուղարի նախկին յատուկ խորհրդական, Ուաշինկթընի Ամերիկեան համալսարանի մարդու իրաւունքներու փրոֆ. Մենտեսի փորձագիտական կարծիքը՝ Լեռնային Ղարաբաղի շարունակուող շրջափակման եւ ՄԱԿի կողմէ կանխարգիլման գործիքակազմի մը կիրարկման կարելիութիւններուն վերաբերեալ:

Քննարկման մասնակցեցան ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ պետութիւներու եւ շարք մը այլ երկիրներու դիւանագէտներ:

Իր բացման խօսքին մէջ ՄԱԿի մօտ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեան ներկայացուց Արցախի մէջ իրավիճակը ՝ նշելով, որ մարդասիրական ճգնաժամը կը շարունակէ վատթարանալ:

Անդրադառնալով 16 Օգոստոսին Հայաստանի պահանջով հրաւիրուած ՄԱԿի Ապահովական խորհուրդի հրատապ հանդիպման՝ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչը շեշտեց, որ ՄԱԿը չի կրնար թոյլ տալ ոճրագործութեան իրականացումը եւ յստակ քայլեր պէտք է իրականացնէ անոր կանխարգիլման ուղղութեամբ:

Փրոֆ. Մենտես յատկապէս ընդգծեց, որ Արցախի մէջ ներկայ իրավիճակի ծիրին մէջ, Արդարադատութեան միջազգային դատարանի պարտադիր վճիռի կատարումէն հրաժարիլը նշան է, որ պէտք է գործարկուի վաղ կանխարգիլման գործիքակազմը՝ ցեղասպանութեան կանխարգիլման նպատակով: Ըստ անոր փորձագիտական կարծիքին՝ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը բաւարար հիմք է միջազգային հանրութեան համար կանուխ նախազգուշացման գործիքակազմերու դիմելու եւ պաշտպանելու պատասխանատուութեան սկզբունքը գործարկելու համար:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2023, 08:25