Որոնել

2020.11.23 Messa Patriarca Maronita Cardinale Bechara Rai- domenica 22 novembre 2020- bkerke

Ռայի Պատրիարք. «Կ՛աղօթենք, որ Լիբանանցի պատասխանատուները իրենց անձնական շահերէն զերծ կացուցուին»

«Լիբանանը հանրապետութեան նախագահ մը ունենալէ զրկելը որո՞ւն շահերուն կը ծառայէ», հարց տուաւ Ռայի պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան առիթով մատուցուած Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ մաղթեց, որ Լիբանանի քաղաքական անձնաւորութիւնները, յատկապէս անոնք, որոնք կը փափաքին Լիբանանի խորհրդարանը բաց պահել, իրենք իրենց լսեն եւ գումարեն հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան իրերայաջորդ նիստեր` երկրին սահմանադրութեան 49-րդ յօդուածին համաձայն:

«Լիբանանը հանրապետութեան նախագահ մը ունենալէ զրկելը որո՞ւն շահերուն կը ծառայէ», հարց տուաւ Ռայի պատրիարքը` հաստատելով, որ իրենք կառչած կը մնան ազգային սկզբունքներուն, որոնք են` երկրին սահմանադրական հաստատութիւններու պահպանումը, ազգային համերաշխութիւնն ու փոխադարձ յարգանքի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ներքին գերիշխանութեան պաշտպանութիւնը:

«Կ՛աղօթենք, որ լիբանանցի պատասխանատուները իրենց անձնական շահերէն զերծ կացուցուին», յայտնեց ան:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/08/2023, 08:15