Որոնել

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահման Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահման  (AFP or licensors)

ՄԱԿի փորձագէտները կոչ կ՛ուղղեն Ատրպէյճանին՝ վերացնելու Լաչինի միջանցքի փակումը

Փորձագէտները կոչ կ՛ուղղեն Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ անյապաղ վերականգնելու Լաչինի միջանցքով մարդոց, ինքնաշարժներու եւ բեռներու անխափան տեղաշարժը երկու ուղղութիւններով՝ 9 Նոյեմբերի 2020ի զինադադարին համաձայնագիրին համաձայն:

ՄԱԿի խումբ մը փորձագէտներ մտահոգութիւն յայտնեցին Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շարունակուող փակման վերաբերեալ՝ շեշտելով, որ անիկա մարդասիրական ահաւոր ճգնաժամի կ՛առաջնորէ Արցախը:

ՄԱԿի պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ շրջափակման պատճառով, վերջին եօթը ամիսներուն փակուած կը մնայ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբան, եւ այս պատճառով բնակչութիւնը կը բախի սննդամթերքի, պարէնի, բժշկական եւ հիմնական անհրաժեշտութիւն ներկայացնող պարագաներու կտրուկ պակասին: Շրջափակումը խափանեց նաեւ բժշկական եւ կրթական հաստատութիւններու գործունէութիւնը եւ մեծ վտանգի ենթարկեց բնակիչները, յատկապէս՝ մանուկները, հաշմանդամները, ծերերը, յղի կիները եւ հիւանդները:

«Լաչինի միջանցքի շրջափակումը մարդասիրական ճգնաժամ է, որ կ՛առաջնորդէ ուտելիքի պաշարներու, որոնց կարգին՝ ձէթի, ձկնամթերքի, թռչնամիսի, կաթնեղէնի, ցորենի, շաքարի եւ մանուկներու ուտելիքի կտրուկ նուազումին», կը նշեն փորձագէտները:

Անոնք կ՛ահազանգեն, որ արագօրէն կը սպառի դեղորայքը, իսկ հիւանդանոցները դժուարութեամբ կ՛ապահովեն բժշկական օգնութիւն, որովհետեւ շտապ օգնութեան ինքնաշարժներուն աշխատանքը խափանուած է՝ վառելանիւթի պակասին պատճառով:

Փորձագէտները կոչ կ՛ուղղեն Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ անյապաղ վերականգնելու Լաչինի միջանցքով մարդոց, ինքնաշարժներու եւ բեռներու անխափան տեղաշարժը երկու ուղղութիւններով՝  9 Նոյեմբերի 2020ի զինադադարին համաձայնագիրին համաձայն:

Անոնք կոչ ուղղեցին նաեւ շրջանին մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահ ուժերուն՝ պաշտպանելու միջանցքը, զինադադարի մասին պայմանագիրի դրոյթներուն համաձայն:

«Վերացնելով շրջափակումը, իշխանութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի հազարաւոր բնակիչներ կ՛ազատեն տառապանքներէ եւ թոյլ կու տան մարդասիրական օգնութեան անխոչընդոտ առաքումը բնակչութեան: Այս սուր պահուն անհրաժեշտ է երաշխաւորել բոլոր անհատներուն ապահովութիւնը, արժանապատուութիւնը եւ բարօրութիւնը: Կոչ կ՛ուղղենք Ատրպէյճանի կառավարութեան՝ հաւատարիմ ըլլալու իր միջազգային պարտաւորութիւններուն՝ յարգել եւ պաշտպանել մարդու իրաւունքները, ներառեալ ուտելիքի, առողջութեան, կրթութեան եւ կեանքի իրաւունքները: Մենք նաեւ կը շեշտենք համագործակցութեան եւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը բոլոր այն կողմերուն միջեւ, որոնք ներգրաւուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ եւ երկարաժամկէտ կարգաւորման գործընթացին մէջ», կը հաստատեն փորձագէտները:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/08/2023, 08:30