Որոնել

2023.08.22 Incontro di preghiera per gli armeni dell'Artsakh

Աղօթական հաւաք՝ նուիրուած Արցախին

Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի հոգեւոր պետերու՝ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, Միքայէլ եպս. Մուրատեանի, վեր. Հենրիկ Շահնազարեանի առաջնորդութեամբ եւ PAC-ի կազմակերպութեամբ հրաւիրուած հաւաքը անցաւ հաւատացեալներու հոծ մասնակցութեամբ։
Ունկնդրէ լուրը

16 Օգոստոսի երեկոյեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդանիստ Ս. Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ համահայկական միջեկեղեցական եւ միջկրօնական աղօթական հաւաք Արցախի համար, կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդին (PAC)։

Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի հոգեւոր պետերու՝ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, Միքայէլ եպս. Մուրատեանի, վեր. Հենրիկ Շահնազարեանի առաջնորդութեամբ եւ PAC-ի կազմակերպութեամբ հրաւիրուած հաւաքը անցաւ հաւատացեալներու հոծ մասնակցութեամբ։ Հաւաքին ներկայ էր Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Կարէն Իսրայէլեան եւ քոյր եկեղեցիներու առաջնորդներ։

Հաւաքը սկսաւ հոգեւոր արարողութեամբ եւ աղօթքով։ «Տէ՛ր Աստուած մեր, լսէ՛ Քու ծառաներուդ աղաչանքի ձայնը եւ անսասան պահէ Հայոց Հանրապետութիւնը, որ Քու ողորմութեանդ շնորհիւ վերականգնեցիր։ Օրհնէ՛, Տէ՛ր, մեր հայրենի Հայաստան աշխարհը եւ ամէն բան, որ կայ անոր մէջ», իր խօսքին մէջ ասաւ Յովնան արք. Տէրտէրեան։

Հոգեւոր արարողութիւնէն ետք, խօսք առին PAC-ի ներկայացուցիչ Արութիւն Արութինեան եւ գլխաւոր հիւպատոս Կարէն Իսրայէլեան։ Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդի բաց նամակը ներկայացուց իրաւաբան Կարօ Ղազարեան, որ իր խօսքի մէջ ըսաւ հետեւեալը. «Շարունակե՛նք մտածել, զգալ եւ մեր ժամանակը կիսել մեր քոյր-եղբայրներուն հետ, որոնք այս պահուն շրջափակուած են Արցախի մէջ»։

Հաւաքի աւարտին, հոգեւոր պետերը իրենց աղօթքը վեր առաքեցին առ Աստուած՝ Արցախի ազատագրութեան եւ հայրենիքի բարօրութեան համար։

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/08/2023, 08:00